ԱՐՑԱԽ.- ԼՂՀ հասարակական հարցերու ապահովութեան նախարար Նարինէ Ասծատրեանի՝ Յունուար 20ին տուած մամլոյ ասուլիսը նուիրուած էր նախարարութեան իրականացուցած աշխատանքներուն՝ 2009ի ընթացքին։
Նախարարը յայտնած է, թէ 2009ին, հասարակական պաշտպանութեան ոլորտի ծախսերը կազմած են ԼՂՀ պետական ամավարկի ծախսերուն 27.2 տոկոսը, կամ մօտաւորապէս 16 միլիառ դրամ, որ 2008ի համեմատ՝ աւելի է 17.4 տոկոսով։ Նշեալ ոլորտին քաղաքականութիւնը բնորոշուած է երկու գերնպատակներով՝ ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւում եւ բնակչութեան կենսամակարդակի բարձրացում։
Նարինէ Ասծատրեան անդրադարձած է նաեւ ժողովրդագրական վիճակի բարելաւման խնդիրներուն, որոնց գծով կարեւոր նկատած է վերաբնակեցման գործընթացը։ Խօսելով ընտանիքի եւ փոքրիկներու վերաբերող հիմնական հարցերուն մասին՝ նախարարը նշած է, թէ շնորհիւ ամուսնութիւններու խրախուսման նպաստի նոր ծրագրին, 2009ին Ղարաբաղի մէջ եղած է 947 ամուսնութեան դէպք, թիւ մը, որ անկախութենէն ի վեր, 2008ի աննախադէպ ցուցանիշէն ետք կը համարուի ամենաբարձրը։
Նախարարը նաեւ յայտնած է, թէ նախարարութեան կազմին մէջ գործող բժշկական հասարակական փորձաքննութեան կեդրոնին կողմէ, 2009ի ընթացքին փորձաքննուած են շուրջ 3800 քաղաքացիներ, որոնց 3125ը՝ հաշմանդամ։
Ասուլիսի աւարտին Ն. Ասծատրեան պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն, որոնք ուղղուած էին վերաբնակեցման ու հայրենադարձներու խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ բարեգործական եւ երիտասարդ ընտանիքներու աջակցութեան ծրագիրներուն։