ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ազգային շարժանկարի կեդրոնը Յունուար 25ին հանրութեան ներկայացուց բեմադրիչ Արման Մանարեանի «Սասնա ծռեր» մանկապատանեկան առաջին շարժանկարը՝ 1 ժամ եւ 20 վայրկեան տեւողութեամբ։
Նշենք, որ սոյն շարժանկարի նկարահանման աշխատանքները տեւած են աւելի քան 7 տարի եւ իրականացած են յատկապէս պետական միջոցներով։
Կեդրոնի տնօրէն Գէորգ Գէորգեանի տուած տեղեկութիւններով, թէեւ նկարահանման աշխատանքները անցած են բազմաթիւ դժուարութիւններէ, սակայն շարժանկարը պատրաստուած է բարձր որակով:
Ըստ անոր, անցեալ տարի «Քանն» մրցաշարին ներկայացուած այս շարժանկարի դրուագներուն մէկ մասը արժանացած է համաշխարհային ճանաչում ունեցող բեմադրիչներու բարձր գնահատանքին:
Սասնայ ծռեր»ու պատրաստութեան ծախսերը հասած է մէկ միլիոն տոլար: