ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունուար 25ին Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողներու եւ դասախօսական կազմին հետ հանդիպման ընթացքին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտնեց, թէ Հայաստանի Զինուած ուժերուն (ԶՈւ) մէջ կը շարունակուին բարեփոխումները, որոնց միջոցով հայկական բանակը կը շարունակէ զարգացման իր ուղին: Նախարարին հաւաստումով, անհնար է համընթաց քայլեր առնել զարգացած երկիրներու ԶՈւին հետ՝ առանց բարեփոխումներ իրականացնելու:
Անոր խօսքերով, Խորհրդային միութեան փլուզումէն ետք, թէեւ երկիրներու Զինուած ուժերը աւելի զարգացած եւ կազմակերպուած են, սակայն պէտք է շարունակուին Հայաստանի ԶՈւ մարտունակութեան եւ կարգապահութեան բարձրացման ուղղուած աշխատանքները, որուն համար ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը կարեւոր համարեց նաեւ ԶՈւ հրամանատարական եւ զինուորական կազմի գիտելիքներու ամրապնդման գործընթացը:
«Կարեւոր է, որ իւրաքանչիւր զինծառայող լինի գիտելիքով օժտուած: Դա մենք գնահատում ենք: Հայրենիքի համար սպառնալիք է նաեւ հասարակութեան գիտելիքի բացակայութիւնը, ուստի պէտք է այս հարցում բոլորս լինենք առաւելագոյնս ուշադիր: Մարտի դաշտում մենք միշտ զիջել ենք քանակապէս, սակայն մեր կարգապահութեան ու գիտելիքների շնորհիւ, հասել ենք այն յաջողութիւններին, որոնց արդիւնքում ներկայումս ապրում ենք խաղաղ եւ ազատ», ընդգծեց Ս. Օհանեան՝ աւելցնելով, թէ մեծ ուշադրութիւն կը տրուի նաեւ մատաղ սերունդի ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան բարձրացման:
Նախարարին խօսքով, Հայաստանի Զինուած ուժերը որդեգրած են այնպիսի քաղաքականութիւն, ըստ որուն, բանակին մէջ իւրաքանչիւր զինուոր պէտք է ծառայէ ըստ իր մասնագիտութեան: «Բոլորս պէտք է հասկանանք, որ հայրենիքի պաշտպանութեան գործին պէտք է մասնակցութիւն ունենայ իւրաքանչիւր ոք՝ ըստ իր կարողութիւնների եւ գիտելիքների», նշեց Ս. Օհանեան:
Անդրադառնալով ԼՂ հարցին՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը յայտնեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման բանակցային գործընթացը կ՛ընթանայ բնականոն հունով, եւ քանի որ առկայ են երկկողմանի հանդիպումներ, ուստի ԼՂ հարցի լուծման շուրջ առաջընթաց արձանագրելու ակնկալիքներ կան: Ըստ նախարարին, այս տարի եւս Հայաստանի ղեկավարութիւնը պիտի կատարէ համապատասխան աշխատանք՝ բանակցութիւններուն մէջ առաջընթաց արձանագրելու համար:
«Բոլորը պէտք է հասկանան, որ խնդրի հիմքում պէտք է լինի հարցի խաղաղ կերպով լուծումը՝ բանակցութիւնների հիման վրայ: Լեռնային Ղարաբաղի ապագան անհնարին է տեսնել Ատրպէյճանի կազմում: Բանակցութիւնների գործընթացի հիմքում դրուած են երեք կարեւոր սկզբունքներ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքը, ցամաքային կապը Հայաստանի հետ եւ ԼՂՀի անվտանգութեան ապահովումը», ընդգծեց նախարարը, ըստ որուն, բանակցային գործընթացին մէջ Ատրպէյճան կը փորձէ կորզել առաւելագոյնը, «սակայն այդ երկիրը պէտք է հասկանայ, որ ԼՂ հակամարտութեան հարցը չի կարող միակողմանի լուծուել», յայտնեց Սէյրան Օհանեան՝ աւելցնելով. «Պատերազմի դէպքում բոլորս մասնակից ենք լինելու մեր երկրի եւ ժողովրդի պաշտպանութեանը»: