ՍԻՏՆԻ.- Աւստրալիոյ Հայ օգնութիւն միութեան (ՀՕՄ) Շրջանային վարչութիւնը յայտարարած է, թէ կը պատրաստուի դրամական միջոցներով աջակցելու Հայիթիի:
Նշենք, որ շուրջ 100,000 մարդ զոհուած է Հայիթիի մէջ վերջերս տեղի ունեցած 7.3 աստիճանի երկրաշարժին պատճառով, իսկ միլիոնաւոր մարդիկ մնացած են անօթեւան:
Աւստրալիոյ ՀՕՄի անդամ Սիւզի Սարաֆեան յայտնած է. «Մեր յոյսն ու աղօթքն է, որ մեր համայնքին համեստ նուիրատուութիւնը կարելի եղածին չափ օգնէ զոհերու ընտանիքներուն»: