ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Քոնկրեսի լիագումար նիստին առջեւ Չորեքշաբթի երեկոյեան արտասանած «Միութեան վիճակը» ճառին մէջ նուազ լայն բացաւ իր իրագործելիք ծրագիրներուն կարկինը, սակայն պնդեց, թէ տեղի պիտի չտայ վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին կրած ձախողութեանց դիմաց:
Տարի մը առաջ անոր ելոյթը «յոյս»ով լեցուն էր, սակայն քոնկրեսական խրամատներու մէջ անոր ծրագիրներուն դիմագրաւած առճակատումները նախագահը հասցուցած են աւելի յամեստ նպատակներու ձգտելու վիճակին:
«Ընտրապայքարս հիմնուած է փոփոխութեան խոստումին վրայ: Այսօր, գիտեմ, որ շատ ամերիկացիներ չեն հաւատար, որ կրնանք այդ փոփոխութիւնները իրագործել, սակայն ես երբեք չեմ ըսած, որ փոփոխութիւնը դիւրին պիտի ըլլայ», ըսաւ Օպամա:
Օրէնսդիրներու, կառավարութեան անդամներու, բարձրաստիճան հիւրերու եւ ուղղակի պատկերասփռումով ու ձայնասփռումով ամբողջ ժողովուրդին առջեւ ունեցած իր գրեթէ 70 վայրկեաննոց խօսքին մէջ, Օպամա անդրադարձաւ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի հետեւանքներուն, եւ տնտեսական նոր նախաձեռնութիւններ ներկայացուց:
Ան մասնաւորաբար նշեց, որ փոքր եւ միջին չափի ընկերութեանց 30 միլիառ տոլարի հասնող տուրքերու կրճատում մը պիտի իրականացնէ՝ միաժամանակ առաջադրելով արագընթաց երկաթուղային նոր ցանց մը, որուն իրականացումը կրնայ զարկ տալ անգործութեան համեմատութիւնը նուազեցնելու աշխատանքին: 31 նահանգներու մէջ իրականացուելիք այս ծրագրին համար առաջադրուած 8 միլիառ տոլարի նախնական ներդրումէն գլխաւոր օգտուողներէն մէկը պիտի ըլլայ Քալիֆորնիան, որ պիտի ստանայ 2.3 միլիառ տոլարի շուրջ գումար մը, Սան Տիէկոյէն մինչեւ Սան Ֆրանսիսքօ եւ Սաքրամենթօ երկարող գիծի մը համար:
«Տասը ամերիկացիներէն մէկը հիմա գործազուրկ է», ընդգծեց Օպամա՝ յոյս յայտնելով, որ կառավարութեան ծրագիրներուն շնորհիւ, մինչեւ տարեվերջ կարելի կ՛ըլլայ մէկ միլիոնէն աւելի աշխատատեղեր ստեղծել:
Իր առաջնահերթութիւններէն մէկը հանդիսացող առողջապահական մարզը բարեկարգելու ծրագրին Օպամա անդրադարձաւ իր ելոյթին գրեթէ կիսուն՝ պնդելով, թէ հակառակ դեմոկրատներուն կորսնցուցած գերմեծամասնութեան, տակաւին կարելիութիւն կայ համաձայնութիւն մը գոյացնելու: Օպամա նաեւ ընդունեց, թէ բաւարար լաւ ձեւով չէ կրցած բացատրել ժողովուրդին նման բարեկարգումի մը կարեւորութիւնը:
Ան կոչ ըրաւ իր կուսակիցներուն, որ չյուսահատին, յատկապէս Մեսեչուսեցի ծերակուտական ընտրութեանց մէջ կուսակցութեան կրած պատմական պարտութենէն ետք, ու իրականացնեն առողջապահական մարզը բարեկարգելու ծրագիրը, նոյնիսկ եթէ բարեկարգումը չհասնի նախապէս առաջադրուած բոլոր նպատակներուն:
Օպամա նաեւ քննադատեց ընտրապայքարներու դրամահաւաքի սահմանափակումները վերացնող Գերագոյն ատեանին որոշումը եւ դեմոկրատներու շարք մը առաջարկները ձախողութեան մատնելու հանրապետականներուն փորձերը:
Իրաքի կապակցութեամբ, Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտարարեց. «Մեր բոլոր զինուորները Իրաքէն պէտք է տուն վերադառնան։ Պատերազմը աւարտած է, մենք պատրաստ ենք Իրաքի իշխանութիւններուն աջակցելու՝ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու եւ ընտրութիւններ կատարելու համար»։
Աֆղանիստանի վերաբերեալ, Պարաք Օպամա ընդունեց, թէ դժուար օրեր կ՛ակնկալուին հոն, սակայն միաժամանակ վստահեցուց, որ Միացեալ Նահանգները իր հակակշռին տակ կը պահէ իրավիճակը։
Օպամա նաեւ անդրադարձած է Իրանին։ «Դիւանագիտական ջանքերուն շնորհիւ, միջազգային հանրութիւնը միասնաբար դէմ կը կանգնի անոնց, որոնք կը խախտեն միջազգային համաձայնութիւնները եւ հիւլէական զէնք կը պատրաստեն», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Բոլորն ալ կը տեսնեն, որ Հիւսիսային Քորէայի նկատմամբ կը կիրառկուին խիստ պատժամիջոցներ։ Բոլորն ալ գիտեն, որ եթէ Իրանը չենթարկուի միջազգային հանրութեան պահանջներուն, ապա անոր ղեկավարները պիտի վճարեն իրենց այս կեցուածքին գինը»։
Օպամա նաեւ խօսեցաւ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն, հիւլէական սպառազինութեան կրճատման եւ միջազգային այլ հարցերու մասին։
Օպամայի ելոյթը առնուազն 10 անգամ ընդհատուեցաւ ներկաներուն եւ յատկապէս դեմոկրատներու բուռն ծափահարութեամբ։ Օպամա, երբ կը խօսէր երկրի բնակչութեան 95 տոկոսին տուրքերը նուազեցնելու իր կառավարութեան իրագործման մասին, չծափահարող հանրապետականներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ, թէ առնուազն այս կէտը նշելու ընթացքին կ՛ակնկալէր անոնց ծափահարութիւնը: