Պըրպեքնի մէջ ապրող հայութեան թիւը կը գնահատուի շուրջ քսան հազար, իսկ եթէ հաշուենք քաղաքին անմիջապէս յարող շրջաններու մէջ ապրողները, ապա այդ թիւը կը բարձրանայ երեսուն հինգ հազարէն աւելի:
Նման տպաւորիչ թիւով համայնքի մը կենսունակութիւնը ապահովելու համար, այլեւս անհրաժեշտ է, նոյնիսկ արդէն ուշացած պահանջք մըն է՝ սեփական, յարմարաւէտ, համայնքի մէջ գործող տարբեր կազմակերպութիւններու ու միութիւններու կարիքները գոհացնող կեդրոն ունենալը:
Այդ համոզումին յանգած են Պըրպենքի հայկական կազմակերպութիւններու ամբողջ խումբ մը, որ քով քովի գործելու աւանդոյթ ունի, եւ որ միասին ծրագիրներ իրականացնելու հարուստ փորձ ունի:
Հայ մշակութային հիմնարկութիւն, Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւն, Հայ օգնութեան միութիւն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն, ՀՅԴ Պատանեկան միութիւն, Հայ Դատի յանձնախումբ, այս բոլոր կառոյցները ունին իրենց տեղական մասնաճիւղերը, որոնց ղեկավարները ձեռքերնին սոթթած կ՛աշխատին՝ իրականացնել սեփական, միութենական գործունէութեան համար բոլոր յարմարութիւններով օժտուած կեդրոնի մը գնման ի խնդիր:
Բազմիցս ապացուցուած է, որ հայ կեդրոններու գոյութիւնը մեծագոյն խթանը կը հանդիսանայ միութենական աշխոյժ գործունէութեան, աշխատանքներու առաւել ծաւալման, նոր միութիւններու ստեղծման եւ համայնքի իսկական համախմբուածութեան: Ամէնէն կարեւորը, անշուշտ, բոլորիս համար, մեր երիտասարդներուն ժամանակակից, առողջ, մարզական, դաստիարակչական, ժամանցի բոլոր կարելիութիւնները ընձեռող միջավայր մը ստեղծելն է. միջավայր, ուր անոնք պիտի կարենան ամրացնել մեր մշակոյթին, ընկերային ու հասարակական իրականութեան հետ ունեցած կապերը: Ուծացման, ձուլման դէմ պայքարի ամէնէն ուժեղ միջոցը, ամէնէն ազդու ճամբան՝ Հայ կեդրոնն է, որ հայ եկեղեցւոյ եւ հայ դպրոցին հետ միասին, կը կազմէ անփոխարինելի սիւները հայապահպանութեան, այս ամուր բերդին իբրեւ չորրորդ յենարան, սիւն ունենալով՝ հայկական միութիւնները:
Այդ տեսլականէն մեկնելով, վերոնշեալ միութիւնները, շրջանի հայութեան անմիջական ու սրտանց զօրակցութեան վրայ չկասկածելով՝ ճամբայ ելած են տնտեսական այս ոչ փայլուն ժամանակահատուածին մէջ իրականացնելու սեփական կեդրոնի գաղափարը:
Ամէն չարիքի մէջ բարիք կարելի է գտնել, կ՛ըսէ ժողովրդային իմաստութիւնը: Այսօր, մեր հասարակութեան գլխուն պատուհաս դարձած տնտեսական ճգնաժամը զարմանալի հեգնանքով մատչելի դարձուցած է կեդրոնին գնումը՝ նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելով անոր համար: Այո, վերջին տարիներուն շէնքերու արժէգիներուն արձանագրած անվերջ մագլցումը գրեթէ անկարելի դարձուցած էր նման ծրագրի մը մասին մտածելը: Այսօր այդ առիթը ստեղծուած է ու այդ առիթը չփախցնելու տրամադրութեամբ են համակուած Պըրպենքի հայ համայնքի զաւակները:
Շուտով մամուլով կը հրապարակուին Պըրպենքի Հայ կեդրոնին համար նիւթական միջոց ապահովելու կոչուած ձեռնարկներուն մանրամասնութիւնները:
Թեւ ու թիկունք դառնանք հանգանակային այդ ձեռնարկներուն, խանդավառուինք ու մեր շրջապատը խանդավառենք Պըրպենքի հայութիւնը սեփական կեդրոնով օժտելու գաղափարով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.