ՊԸՐՊԵՆՔ.- ՀՄԸՄի Պըրպենքի «Սիփան» Մասնաճիւղի մարզիկներն ու սկաուտները այսուհետեւ կարիք պիտի չունենան տեղ փնտռելու ամէն շաբաթավերջի կամ շաբթուան մէջ երեկոներուն իրենց փորձերը, ժողովներն ու աշխատանքները կատարելու համար:
ՀՄԸՄի շրջանի «Սիփան» մասնաճիւղի վարչութիւնը ամէն ամիս հազարաւոր տոլարներ պարտաւոր էր ծախսելու՝ ապահովելու համար անհրաժեշտ մարզադաշտն ու ժողովատեղին: Վիճակը փոխելու ազդանշանը տրուած է արդէն: Պըրպենքի հայ համայնքը հաստատ քայլերով սեփական կեդրոն մը գնելու աշխատանքին ձեռնարկած է:
Նոր Կեդրոնը, 14410 քառակուսի մեթր տարածութեամբ, բարձր առաստաղով շէնք մըն է, որուն յարկին տակ կարելի պիտի ըլլայ կառուցել շրջանի գործող բոլոր միութիւններուն գրասենեակները ու… ամէնէն կարեւորը՝ պասքեթպոլի դաշտ մը:
Պըրպենքի սրտին մէջ գտնուող շէնքին գնման առաջին հիմնական քայլերը առնուած են, գնման առաջարկը ներկայացուած է, համաձայնեցուած է ներկայ սեփականատէրին հետ, դրամատնային փոխառութեան կարգադրութիւնն ալ եղած է:
Հսկայական ծրագիր է ձեռնարկուածը: Շուրջ երեքուկէս միլիոն տոլարի ընդհանուր ծախսով կեդրոն մը ունենալու գաղափարը կրնայ անիրագործելի խենթ ծրագիր մը նկատուիլ այս օրերուն, սակայն Պըրպենքի եւ յարակից շրջաններու հայութեան համար այլեւս անյետաձգելի պահանջք դարձած սեփական կեդրոն-մարզադաշտ ունենալու նպատակը արդէն իսկ մեծ խանդավառութիւն ստեղծած է եւ իր շուրջ հաւաքած համայնքի բոլոր գործուն միութիւններն ու հասարակական գործիչները:
ՀՅԴ Աղբալեան կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Հրանդ Տոսթումեան լաւատես է ու կը վկայէ նաեւ, որ Կեդրոնի ծրագրի իրականացման շուրջ ստեղծուած խանդավառութիւնը յոյս կը ներշնչէ, որ այս մեծ մարտահրաւէրը պատուով գլուխ հանուի համայնքի զաւակներուն կողմէ:
Պըրպենքի մէջ գործող ՀՄԸՄի «Սիփան» մասնաճիւղը, Հայ Մշակութային Հիմնադրամը, ՀՅԴ Աղբալեան Կոմիտէութիւնը, Հայ Դատի Յանձնախումբի Պըրպանքի գրասենեակը, ՀՕՄի Արազ Մասնաճիւղը, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Վարագ» մանսաճիւղը ՀՅԴ «Կայծակ» պատանեկան Միութիւնը, բոլորը միասին ձեռք-ձեռքի տուած կ՛աշխատին գոյացնելու անհրաժեշտ նախնական գումարը՝ գնման գործընթացը մէկ քայլ եւս յառաջ տանելու համար՝ կ՛ըսէ Տոսթումեան:
Այս առթիւ յառաջացած է կեդրոնի գնման յանձնախումբ մը, որուն կազմակերպած հանգանակային առաջին կարեւոր ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 21ին: Տոսթումեան յոյս կը յայտնէ, որ օրինական բոլոր պայմանները կարելի կ՛ըլլայ ամբողջացնել՝ այս հանգանակային առաջին ձեռնարկը կատարելու համար նոյն ինքն նոր կեդրոնի շէնքին մէջ՝ 75 E. Santa Anita (First եւ Santa Anita փողոցներու խաչմերուկին):
Կեդրոնի յանձնախումբը նաեւ լծուած է ներքին յարդարման նախապատրաստական բոլոր աշխատանքները, քաղաքային անհրաժեշտ փաստաթուղթերն ու արտօնութիւնները ապահովելու գործին:
«Պէտք է ըսել, որ Պըրպենքի քաղաքային իշխանութեան բոլոր ներկայացուցիչները խանդավառ են ու կը քաջալերեն մեզ, եւ իրենց բարոյկան նեցուկով կը խրախուսեն մեր ծրագիրը», յայտնեց Տոսթումեան: