Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Ուղեղային Աշխատանքը Աշխուժացնող Ազդակներ (Ա)
Երկու շաբաթ առաջ կնոջական մեր էջով ներկայացուցած էինք այն ուտելիքները, որոնք կրնան ուղեղի աշխատանքը աշխուժացնել։ Այս թիւով կը ներկայացնենք այն սովորութիւնները, որոնք եւս կրնան աշխուժացնել մեր մտքի աշխատանքը։ Կամ թէկուզ կարգ մը դեղեր, որոնց ազդեցութիւնը ուղեղի աշխատանքին վրայ շատ դրական կարելի է համարել։
Այսպէս թուենք.
1. Ասպիրին կամ այպոբրոֆէն։ Այս երկու դեղերու առօրեայ գործածութիւնը կրնայ շատ լաւ նպաստել ուղեղի առողջութեան՝ կարգ մը տարեցներու պարագային եւ ոչ՝ բոլորին։ Հիմնական փաստը ասպիրինի կամ այպոբրոֆէնի նպաստին կը ներկայացնեն յոդաբորբի (արդրայդիսի) համար կատարուած ուսումնասիրութիւնները։ Այն հիւանդները, որոնք պարտաւորուած են իրենց բորբոքումները մեղմացնելու համար յարատեւ այս դեղերը օգտագործել, անոնց մօտ յստակօրէն նկատուած է ծերունախտ (ալզհայմըրի) վտանգի նուազեցում։ Թէեւ այս զոյգ դեղերու նպաստը յստակ է թէ ալզհայմըրի եւ թէ սրտանօթային հիւանդութիւններու պարագային, սակայն անոր գործածութիւնը պէտք է ըլլայ մասնագէտներու թելադրանքով։
2. Անպայման ձեր խոկումի առանձին պահերը ապրեցէք։ Օրական 15 վայրկեան տրամադրեցէք ձեր առանձին խոկումին։ Անիկա կրնայ ըլլալ ինքնաշարժին մէջ ձեր զաւակը դպրոցէն առնելու համար սպասելու պահուն կամ նոյնիսկ ձեր ճաշի դադարի պահուն։ Երկար տարիներէ ի վեր արեւմտեան բժշկութիւնը կը հաւատայ ու կը քաջալերէ մարդոց հետեւելու խոկումին ու անոր առաքինութիւնները կը ներկայացնէ հիւանդներուն զայն նկատելով գրեթէ դեղօրայքի փոխարինող բաւական ի զօրու ազդակ՝ հիւանդութիւններուն դէմ պայքարելու համար։ Խոկումը նաեւ մահուան կանխարգիլման աւելի ազդու միջոց կը համարուի մարզանքէն ու հաւասարակշռուած սննդականոնէն աւելի։ Խոկումը նաեւ կրնայ նպաստել գերլարուածութեան հորմոնի՝ գօրթիզոլի քանակի նուազեցման։ Այս քիմիական նիւթի գոյութիւնը եւ արտադրութիւնը ուղեղէն ներս յիշողութեան տկարացման կ՛առաջնորդէ։ Ոչ միայն այսքան. ամերիկեան մասնագիտական այլ ուսումնասիրութիւն մը վերջերս նաեւ յայտնաբերեց սերտ առնչութիւն մը, խոկումին ու ուղեղին յատուկ մասնիկի մը՝ cortexի թանձրացման։ Ուղեղին այս մասնիկը ուղեղէն ներս կը կրէ շատ մը պարտականութիւններուն պատասխանատուութիւնը։ Այս բաժինն է որ տարիքի յառաջացումով կը նօսրանայ ու բնականաբար այն պարտականութիւնները որոնք ստանձնած էր պիտի թերանայ եւ պիտի յայտնուի ԱԼԶՀԱՅՄԸՐԸ։ Ուրեմն յարատեւ խոկումի փորձերը կը թանձրացնեն cortex մասնիկը եւ հետհւաբար կրնան կանխարգիլել անսպասելի ու անբաղձալի այս հիւանդութիւնը։
3. Ծիծաղեցէք եւ ձեր կեանքը պիտի երկարի։ Այս ասոյթը շատ երկար տարիներ ապրած է ու գրեթէ բոլորս լսած ենք մեր նախնիներէն։ Այժմ գիտնականները կը վերահաստատեն այս կարեւոր միտքը։ Լիաթոք խնդուքը գերճնշման պատճառ հանդիսացող գորթիզօլ հորմոնը կը նուազեցնէ։ Խնդուքը նաեւ կը հանգստացնէ ձեր երակները, հետեւաբար գոլեսթրոլը շատ աւելի նուազ կը կուտակուի երակներուն մէջ։ Մերիլէնտի համալսարաններէն մէկուն մէջ ուսումնասիրութեամբ մը յայտնուած է թէ լարուած վիճակի ընթացքին արեան հոսքը 35% նուազած է, մինչ ուրախ եւ ծիծաղի մթնոլորտի մէջ արեան հոսքը արագացած եւ հեշտացած է 22% համեմատութեամբ։Արեան հոսքի ընդարձակումը տեղի կ՛ունենայ մարզանքի արդիւնքով նաեւ։ Գիտնականները կը հաւատան նաեւ թէ ծիծաղը կ՛արտադրէ ինտորֆին հորմոնը, որ ծանօթ է որպէս լաւ զգալու հորմոն։ Այս հորմոնը ծանօթ է նաեւ, որպէս երակներու մէջ արեան հոսքը դիւրացնող հորմոն։
4. Բոլոր ժամանակներու ընթացքին փաստուած իրականութիւն է թէ մարդ արարածը ամէնէն աւելի ընկերային կենդանին է։ Այս իմաստով արդի կեանքը բաւական կրնայ վնասել մարդուն էութեան։ Առանձնացած ապրիլը կրնայ մարդուն առաջնորդել գերճնշուածութեան։ Իսկ գերճնշուածութիւնը depression հիմքն է ալզհայմըրին։Կրկին լայն մասշտապի ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէ թէ այն մարդիկը, որոնք շատ ուժեղ մարդկային յարաբերութիւններ կը մշակեն իրենց շրջապատին հետ ամէնէն աւելի նուազ ուղեղային աշխատանքի դանդաղեցում կ՛ունենան։ Մարոց հետ յարաբերիլ ամէնէն լաւ ուղեղի մարզանքը կը համարուի։ Կարելի է որեւէ բարեսիրական միութեան մը անդամակցիլ, կամ գրադարանի ակումբի մը գործօն անդամներէն մէկը դառնալ, կամ նոյնիսկ ընտրել ուրիշ հետաքրքրական աշխատանք մը, որ հաւաքական ներդրում կը պահանջէ։
5- Քնացի՛ր, օգտուի՛ր։ Լաւ յիշենք որ ամէն անգամ ճիշդ ժամանակին ու բաւարար կը քնանանք, շահաւոր դուրս կու գանք ու կը նուազեցնենք հիւանդութիւններու հնարաւորութիւնները։ Քնանալը ուղեղին վերաթարմացումի առիթն է։ ձեւով մը ուղեղին հանգիստը, որ կարելի չէ այլ ձեւով ապահովել։ Քունը ուղեղին կ՛ապահովէ կեդրոնացում, սորվելու հնարաւորութիւն, յիշողութեան զօրացում եւ անշուշտ՝ արթնութիւն, զգօն իրավիճակ։ Գրեթէ բոլոր չափահասները օրական 7-8 ժամ քունի կարիքը ունին։ Եթէ քնանալու դժուարութիւն ունիք կրանք հետեւեալ միջոցներուն դիմել.-
– ծանր կերակուր մի ուտէք քնանալէն առաջ
– հրաժարեցէք ուշ ատեն քաֆէին կամ ալքոլ պարունակող խմիչքներէն
– հետհւողական կերպով մարզանք ըրէք
– եթէ ձեր քունը փախցուցած էք ուշ ատեն, անկողինէն հեռացէք եւ կարդացէք կամ դիտեցէք մինչեւ ձեր քունը տանի
– եթէ անկողինին մէջ երկնցած կը մտածէք ձեր վաղուան կատարելիքներուն մասին, նախքան անկողին մտնելը պատրաստեցէք ցանկը ձեր աշխատանքներուն: