ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը Չորեքշաբթի, Յունուար 27ին դարձեալ ահազանգ կը հնչեցնէ քարտէսի մը ստեղծած տագնապին առնչութեամբ։ Ուաշինկթընի համալսարաններէն մէկուն մէջ կազմակերպուած աշխատաժողովի մը ընթացքին գործածուած է Թուրքիոյ քարտէս մը, որուն վրայ ներկայ Թուրքիոյ արեւելեան նահանգները ցոյց տրուած են իբրեւ Պատմական Հայաստան:
Խնդրոյ առարկայ աշխատաժողովը կայացած էր Ճորճ Ուաշինկթըն համալսարանի իրաւագիտական բաժնին մէջ՝ գլխաւոր նիւթ ունենալով հետեւեալը. «Թուրքիա-Հայաստան արձանագրութիւնները. Իրականութիւններ ու առասպելներ»։ Բոլոր զեկուցողներուն ետին դրուած էր այն քարտէսը, որուն մէջ Թուրքիոյ արեւելեան նահանգները անջատուած էին ու դրուած էին «Պատմական Հայաստան» պիտակին տակ։ Թուրքիոյ Ուաշինկթընի դեսպանատունէն պաշտօնատար մը այս երեւոյթին դիմաց առարկած ու դիտել տուած է, որ այդ քարտէսը կը հակասէ աշխատաժողովի նիւթին։ Թուրք պաշտօնատարը գանգատեցած է նաեւ, որ այս աշխատաժողովին հրաւիրուած չէ ոեւէ մէկը, որ պիտի ցոլացնէր թրքական տեսակէտը, ինչ որ ստուեր կը ձգէ աշխատաժողովին անկողմնակալութեան վրայ։
Դեսպանատան ներկայացուցիչը դիտել տուած է, որ աշխատաժողովի ընթացքին «1915ի պատահարները» բոլոր զեկուցողներուն կողմէ ներկայացուեցան հայկական տեսակէտի հիման վրայ: Ան նաեւ ծանօթացուցած է Թուրքիոյ տեսակէտը ու յիշեցուցած, թէ Թուրքիա առաջարկած է, որ պատմաբաններու հասարակաց յանձնախումբ մը կազմուի, սակայն այս մէկը Հայաստանի կողմէ քաջալերուած չէ։
Այս զարգացումէն ետք, աշխատաժողովի կազմակերպիչներէն Շան Մըրֆի յայտնեց, թէ ինք այս քարտէսը առած է «Կուկըլ»ի կայքէջէն։ Ճիշդ է, որ քարտէսին մէջ արեւելեան նահանգներու ընդարձակ մէկ մասը ցոյց տրուած է իբրեւ Պատմական Հայաստան, բայց այս քարտէսը օգտագործուած է, որպէսզի տեսնուի, թէ Թուրքիա ինչո՞ւ մտահոգ է սահմանային հարցերով, բացատրած է ան:
«Երանի այս քարտէսը չգործածէինք, բայց իմ նպատակն էր զեկուցողներուն ուշադրութիւնը հրաւիրել այս կէտին վրայ եւ քաջալերել, որ խօսին այս մասին։ Ներողութիւն կը խնդրեմ ստեղծուած շփոթութեան համար», ըսաւ է Մըրֆի։ Ան աւելցուց, որ աշխատաժողովը բաց էր մասնակցիլ ուզող բոլոր զեկուցողներուն առջեւ։
Պատմական Հայաստան որակուած բաժինին մէջ ցոյց տրուած են ներկայ Ատրպէյճանի, Վրաստանի ու Իրանի կարգ մը հողամասեր եւս։
Զեկուցողներու կարգին էր Փարիզի «Փանթէոն-Ասսաս» համալսարանի դասախօս փրոֆ. Քաթըրին Քէսէճեան, որ յայտնեց, թէ պատմութիւնը ցոյց պիտի տայ, որ Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ ստորագրուած «փրոթոքոլ»ները պատմութեան ամօթալի՞ էջ մըն էին, թէ՝ յոյսի աղբիւր։ Ան նշեց նաեւ, որ կարելի է հիմնել իրաւարարներու յանձնախումբ մը, որպէսզի նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ հարցերուն լուծման։