Հրանդ Տինքի սպանութեան երրորդ տարելիցին առիթով, Մարդկային իրաւանց միացեալ խորհուրդը կազմակերպած էր «Լռութեան հակառակ»ը խորագրով դասախօսական ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ Յունուար 15ին:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Ամերիկեան-քրտական տեղեկատուական ցանկէն Քանի Զուլամ, որ անդրադարձաւ Թուրքիոյ մէջ շարունակուող քրտական պահանջատիրական պայքարին՝ ներկայացնելով իր անձնական օրինակը, թէ ինչպէ՞ս իր ծնողները նոյնիսկ իր քիւրտ ըլլալը չէին բացայայտած: Ան աւելցուց, թէ աւելի ուշ բացայայտած է, թէ իր գիւղը անցեալին բնակեցուած էր մեծամասնութեամբ հայերով:
Ձեռնարկին ընթացքին Սանան Շիրինեան յայտնեց, թէ Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւանց համար պայքար տանողներուն պէտք է նեցուկ կանգնիլ, որովհետեւ անոնք, որոնք Տինքը սպաննեցին, այսօր կը շարունակեն քիւրտերուն եւ այլ փոքրամասնութեանց դէմ իրենց հալածանքը:
Ձեռնարկին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան Տինքի, Աքին Պիրտալի, Լէյլա Զանայի, Էրեն Քեշքինի նման այլախոհ մտաւորականներու օրինակները:
Սենեակին մէջ ցուցադրուած էին նաեւ Անի Իշխանեանի, Սինթիա Քոսայեանի եւ Գայեանէ Նովշատեանի արուեստի գործերը, իսկ ձեռնարկին մասնակցեցան նաեւ Արմէն Սուտճեանը (բանաստեղծութիւն) եւ «Raffi and the Palm of Granite» երաժշտական խումբը:
Նաեւ ցուցադրուեցաւ այս առիթով պատրաստուած տեսաժապաւէն մը, որուն մասին ՀԵԴի անդամ Նանոր Մելքոնեան ըսաւ. «Ան ցոյց տուաւ, որ նոյնիսկ 21րդ դարուն, մարդիկ կը հետապնդուին ու անոնց կեանքը վտանգի կը դրուի պարզապէս իրենց արտայայտած գաղափարներուն համար»:
Աւարտին, մասնակիցները ստորագրեցին կամ իրենց կարծիքները գրեցին մեծ որմազդի մը վրայ, որ զգաստանալու պատգամ մըն էր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն: Որմազդը աւելի ուշ տարուեցաւ Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ հիւպատոսարան:
Յայտնենք, թէ Մարդկային իրաւանց միացեալ խորհուրդը ՀԵԴի յանձնախումբերէն մէկն է, որուն նպատակն է բացայայտել մարդկային իրաւանց ոտնակոխումները եւ զանոնք քօղարկելու փորձերը: Այդ մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել uhrc@ayfwest.org հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.