ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Ըստ, ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնին Յունուար 29ին հրապարակած տեղեկատուութեան, Հայաստանի նախագահին հրամանագրով 4323 անձի շնորհուած է Հայաստանի քաղաքացիութիւն:
Նշենք, որ Վրաստանի քաղաքացիներուն, յատկապէս՝ ջավախքահայերուն, Հայաստանի քաղաքացիութիւն տրամադրելու գործընթացը կասեցուած էր Վրաստանի նախագահ Մ. Սահակաշվիլիի Հայաստան կատարած վերջին այցէն ետք։ Գործընթացը, սակայն, կարճ ժամանակ մը ետք կրկին սկսած էր:
Ըստ Վրաստանի հայազգի քաղաքացիներու, անոնք շուրջ մէկ տարիէ ի վեր կը սպասեն հայաստանեան անձնագիրներ ստանալու համար, սակայն տակաւին որեւէ պատասխան չեն ստացած:
«Անձնագրերի եւ վիզաների վարչութիւնից մեզ անընդհանտ ասում են սպասել: Ոչ ասում են՝ կը տան, ոչ էլ ասում են՝ չեն տայ: Ոնց որ օդից կախուած լինենք: Հիմա եթէ յանկարծ չտան էլ, դուրս կը գայ, որ մենք նաեւ կը զրկուենք Վրաստանի քաղաքացիութիւնից: Չենք հասկանում՝ ինչո՞ւ են ձգձգում», յայտնած է Ախալքալաքի շրջանի բնակիչ մը։
Ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութեան պետի տեղակալ Մուշեղ Կրոյեանի տեղեկութիւններուն համաձայն, Վրաստանի քաղաքացիներուն Հայաստանի քաղաքացիութիւն տրամադրելու գործընթացը կը շարունակուի։ «Երկքաղաքացիութիւն տալիս են դուրս չգրուածներին, իսկ դուրս գրուածներին՝ քաղաքացիութիւն», յայտնած է ան:
Նշենք նաեւ, որ Յունուար 29ին կայացած կառավարութեան նիստին ընթացքին, կառավարութիւնը փոփոխութեան ենթարկած եւ ամբողջացուցած է իր նախկին որոշումներէն մէկը, ըստ որուն, աւելի պարզ դարձած է քաղաքացիութիւն ստանալու կամ դադրեցնելու գործընթացը, եւ սահմանափակուած է քաղաքացիութիւն ստանալու կամ զայն դադրեցնելու համար ներկայացուող փաստաթուղթերուն ցանկը: