«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ֆիլիփ Կորտըն, Ուաշինկթընի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին դարձեալ յայտարարած է, որ հայ-թրքական արձանագրութիւնները անհրաժեշտաբար պէտք է վաւերացուին ու իրագործուին։ Ան նշած է, որ «Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը Միացեալ Նահանգներու համար յոյժ կարեւոր է»։
Կորտըն ըսած է. «Ինչպէս գիտէք, անցեալ Հոկտեմբերին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուեցան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում նախատեսող արձանագրութիւններ։ Այն ատեն ըսած էինք եւ հիմա եւս կ՛ըսենք՝ կը հաւատանք, որ երկու երկիրները կ՛ընթանան այդ արձանագրութիւնները կեանքի կոչելու ճանապարհով, որովհետեւ ատիկա երկու կողմերուն համար ալ օգտակար պիտի ըլլայ»։
Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը, նշելէ ետք, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը եւ սահմաններու բացումը պիտի նպաստէ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման, ընդգծած է. «Մեր համոզումով, հայ-թրքական յարաբերութիւնները պէտք է կարգաւորուին անկախ այլ հարցերէ, որովհետեւ այդ մէկը կը բխի երկու երկիրներուն շահերէն»։
«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը Կորտընի հարցուցած է Քոնկրեսին ներկայացուած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին մասին՝ յայտնելով, որ «Թուրքիոյ մէջ մտահոգութիւններ կը հնչեն, թէ հայ-թրքական համաձայնագիրի վաւերացման տապալումը կրնայ նոր շունչ հաղորդել Քոնկրեսի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունման ջանքերուն»։ Կորտըն պատասխանած է. «Կը կարծենք, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը այլ խնդիրներու հետ շաղկապուած չէ. այդ գործընթացը պէտք է ընթանայ այլ խնդիրներէ անջատ, որովհետեւ ատիկա կը բխի երկու երկիրներու շահերէն։ Մենք երկու երկիրներու կառավարութիւններուն հետ մշտական կապի մէջ ենք՝ քաջալերելով զանոնք յառաջ շարժիլ։ Ինչ կը վերաբերի ձեր յիշատակած օրինագիծին, ապա այդ խնդիրին վերաբերեալ նախագահ Օպաման արդէն իսկ յայտնած է իր տեսակէտը։ Մեր մօտեցումը նոյնն է՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւումը ինքնին դրական գործընթաց է, եւ անիկա պէտք է շարունակուի»։
aha mi tesaket: iraki paterazmi avartelu bardaguyn kndirnerits mek@ handisatsav zenki ev zinamterki teghapokhelu ahreli tsakhseri ber@;
ays hangamanknerum, shat “imastun” kayl e “takatsnel” teghakan azgayin paraktumner@, ev khrakhusel aynpisi zargatsum (orinak, shutapuyt grats, aknhaytoren an@nduneli tghter-paymanagreri heghegh@: inch@ ev batsatrum e nrants anorak linel@) vor@ kberi razmakan hakamartutyan sratsman:
aha ev gnordner ayd “leftover” zenki-zinanyuti! kardatsek adrbejani razmakan nakharari meknel@ israel, vor@ misht “hog” e tarel verjinis sparazinutyan hamar: