ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան յառաջիկայ գրական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ այսօր՝ Հինգշաբթի, Փետրուարի 4ին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանի դահլիճին մէջ (222 East Harvard St., Glendale, CA 91205), երեկոյեան ժամը 6էն 8: Ժամը 5ին տեղի պիտի ունենայ ընդունելութիւն:
Գրական նոր ստեղծագործութիւններով ելոյթ պիտի ունենան հետեւեալ գրողները՝ բանաստեղծ Գէորգ Քրիստինեան, արձակագիր Պօղոս Գուբելեան, բանաստեղծ Ներսէս Տէր Մեսրոպեան, բանաստեղծ Գարուշ Հարեանց եւ բանաստեղծ Գրիշ Դաւթեան:
Աւարտին տեղի պիտի ունենայ հարց ու պատասխան եւ կարծիքներու փոխանակում: Հրաւիրուած է գրասէր հասարակութիւնը: Մուտքը ազատ է:
Որեւէ գրող կրնայ իր հրատարակուած գիրքը տեղւոյն վրայ յանձնել Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան վաճառասեղանին: Տեղեկութեան համար դիմել awaoc@yahoo.com հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.