ԺԸՆԵՒ.- Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան տուեալներուն համաձայն, 2009ին աշխարհի տարածքին անգործներուն թիւը հասած է 212 միլիոնի, ինչ որ աննախընթաց թիւ մըն է: Աշխարհի տարածքին, անգործութեան պաշտօնական համեմատութիւնը 6.6 տոկոս է:
2007ին, պաշտօնապէս իբրեւ գործազուրկ արձանագրուածներուն թիւը 34 միլիոն էր: Հիմնուելով Միջազգային դրամական հիմնադրամի տուեալներուն վրայ՝ Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութիւնը կը նախատեսէ, որ անգործութեան մակարդակը գրեթէ նոյնը պիտի մնայ Միջին Արեւելքի մէջ, սակայն զարգացած երկիրներու մէջ անգործներուն թիւը կրնայ 3 միլիոնով եւս աւելնալ, իսկ անգործներուն ընդհանուր թիւը կրնայ 213 միլիոնէն աւելի ըլլալ:
Ամէն տարի աշխատանքի համաշխարհային շուկայ մուտք կը գործեն մօտաւորապէս 45 միլիոն երիտասարդներ, եւ այդ պատճառով, միջազգային կառոյցը կառավարութիւններուն կոչ ըրած է առաջնահերթութիւն տալու երիտասարդներու աշխատատեղիներ ստեղծելու հարցին: