Վերջին ամիսներուն, մինչ տաք բանավէճ կ՛ընթանար Հայաստան-Թուրքիա Արձանագրութիւններուն շուրջ, Սփիւռքի հայերը հակազդեցին յուսախաբութեամբ եւ զայրոյթով՝ հայկական ազգային շահերուն այդ համաձայնութիւններուն պատճառելիք վնասին։
Մինչ Հայաստանի ղեկավարները իրաւունք ունին որոշումներ տալու երկիրին երեք միլիոն բնակչութեան համար, անոնք նաեւ պարտաւորութեան տակ են աշխարհի մէջ ապրող տաս միլիոն հայերուն շահերը հաշիւի առնելու երբ հարցը կը վերաբերի համահայկական հիմնախնդիրներու, ինչպէս Ցեղասպանութիւն, Արցախի (Ղարաբաղի) տագնապ եւ Թուրքիայէն հայկական պահանջներ։
Հայաստան-Թուրքիա Արձանագրութիւններուն համար բանակցութիւններ վարելու ընթացքին, Հայաստանի պաշտօնատարները յաւելեալ զգայնութիւն ցուցաբերած պէտք էր ըլլային ազգային ճակատագրական հարցերուն մէջ։ Թուրքիոյ հետ այդ վիճելի համաձայնութիւնները կնքելով, անոնք ահազանգի մէջ դրին եւ վիրաւորեցին աշխարհի հայերը։ Հազարաւոր զայրացած ցուցարարներ հակազդեցին կծու ածականներ գոռալով նախագահ Սարգսեանի դէմ, Արձանագրութիւնները ծանուցելու համար հոկտեմբերին կատարած իր սփիւռքեան շրջապտոյտին ընթացքին։ Այդ ձեւի աննախընթաց ընդդիմութիւնները ժխտական անդրադարձ ունեցան իշխանութիւններուն եւ բողոքող հանրութեան վրայ։
Փոքր, ցամաքով շրջապատուած պետութիւն մը, որ կը դիմագրաւէ շրջափակում, պատերազմ, տնտեսական դժուարութիւններ եւ թշնամիներ երկու կողմերէն, չի կրնար նաեւ տանիլ Սփիւռքի հետ ներքին բաժանումներ եւ տագնապներ։ Այդ ձեւի գժտութիւն պիտի հաճեցնէ միայն թուրք ղեկավարները, որոնք երբեք ծածուկ չեն պահած Հայաստանը «արմատական Սփիւռքէն» բաժնելու իրենց ծրագիրները՝ այդպիսով աւելի դիւրացնելով Արցախի, Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման պահանջին մէջ զիջումներ կորզելու իրենց ճիգը։
Ի՞նչ դասեր պէտք է քաղէ Հայաստան Արձանագրութիւններուն շուրջ ներքին բանավէճերու վհատեցուցիչ փորձառութենէն։
1. Հայաստանի ղեկավարները պէտք է աւելի մեծ զգուշութիւն եւ զգայնութիւն ցուցաբերեն՝ Սփիւռքի ղեկավարներուն հետ անձնական խորհրդատուութիւններ վարելու մէջ, նախ քան որեւէ բանակցութիւններու մէջ մտնելը կամ համաձայնութիւններ ստորագրելը ամբողջ հայ ժողովուրդին վրայ ազդեցութիւն ունեցող հարցերու մէջ։
2. Համասփիւռքեան ղեկավարութիւն մը պէտք է ընտրուի՝ պաշտաճ կերպով ներկայացնելու համար հայերուն մեծամասնութեան տեսակէտները ճակատագրական հարցերու շուրջ։ Այդ ձեւի մեքանիզմ մը պիտի դիւրացնէ վստահելի կարծիքներու փոխանցումը Սփիւռքէն Հայաստանի ղեկավարներուն ինչպէս նաեւ կառավարութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու։ Այս կարեւոր նիւթին շուրջ յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի ներկայացուին յառաջիկային հրատարակուելիք յօդուածի մը մէջ։
3. Սփիւռքի հայերը պէտք չէ արտօնեն, որ Հայաստանի ղեկավարութեան հետ անհամաձայնութիւնները ետ կեցնեն զիրենք կարիքաւորներու օգնելէն, երկիրին տնտեսութեան մէջ ներդրումներ կատարելէն եւ հայրենիք այցելելէն։
4. Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ բաժանումէ մը խուսափելու կողքին, նոյնքան կարեւոր է արգիլել լուրջ բաժանումներ Սփիւռքի կազմակերպութիւններու միջեւ՝ առանց արգիլելու տեսակէտներու եւ անհամաձայնութիւններու առողջ փոխանակումը։
5. Հայաստանի նախագահը պէտք է մասնագիտական խորհուրդ ստանայ տնտեսական եւ քաղաքական ճակատագրական հարցերու շուրջ, ինչ որ անհրաժեշտ կը դարձնէ Տնտեսական խորհրդատուներու խորհուրդի եւ Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի կազմութիւնը՝ բաղկացած միջազգայնօրէն ճանչցուած մասնագէտներէ։ Առաւել միջազգային փաստաբաններու խումբ մը պէտք է համախմբուի՝ խորհուրդ տալու համար նախագահին նախքան միջազգային համաձայնութիւններ կնքելը, խուսափելու համար հիմնական սխալներէ, որպէսզի Սահմանադրական դատարանը զանոնք սրբագրելու հարկադրանքին տակ չդրուի։
6. Արձանագրութիւններուն շուրջ բանավէճերուն ընթացքին Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք էր նշանակած ըլլար Սփիւռքի նախարարութիւնը իբրեւ հաղորդակցութեան անկախ խողովակ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ։ Նախարարութիւնը կրնար ըլլալ այն մեքանիզմը, որուն միջոցաւ ամբողջ աշխարհի հայերուն մտահոգութիւններն ու գանգատները պիտի փոխանցուէին արտաքին գործոց նախարարութեան եւ նախագահի գրասենեակ։ Վերջապէս Սփիւռքի նախարարութիւնը սկզբունքով պէտք է ըլլայ կամուրջ մը հայ ազգի երկու բաժիններուն միջեւ։ Հակառակ անոր որ Սփիւռքի նախարարութիւնը կ՚ընկերանար նախագահին անցեալ հոկտեմբերի իր շրջապտոյտին մէջ, նախարարութիւնը շատ աւելի վստահելիութիւն պիտի շահէր, եթէ անոր արտօնուէր աւելի անկախ դերակատարութիւն ունենալ։
7. Հայաստանի պաշտօնատարները պէտք է անդրադառնան, որ Թուրքիան, իր տարածութեամբ եւ ռազմավարական դիրքով, աւելի մեծ կարելիութիւն ունի միջազգային մամուլին միջոցաւ իր տեսակէտները ծանուցելու քան Հայաստանը։ Հետեւաբար որեւէ հարցի մէջ, ուր հայերը եւ թուրքերը հակասական մեկնաբանութիւններ ունին, թրքական տարբերակը պիտի գերիշխէ աւելի լայնօրէն սփռուած ըլլալով քան հայկական տեսակէտը։ Ասիկա պատճառներէն մէկն էր, թէ՝ ինչո՛ւ «պատմական յանձնաժողով» հաստատելը լաւ գաղափար մը չէր։ Ըստ թուրք պաշտօնատարներու, յանձնաժողովը պիտի վերանայէր Հայկական ցեղասպանութեան իրականութիւններուն, մինչ հայ ղեկավարները նշեցին, թէ անոր նպատակն էր գնահատել Ցեղասպանութեան հետեւանքները։ Եթէ արձանագրութիւնները վաւերացուէին, թուրքերը պիտի շարունակէին ուրանալ Ցեղասպանութեան իրականութիւնները եւ պիտի յաջողէին մեղադրել հայերը յանձնաժողովին «բարի գործը» ակնահարելու ամբաստանութեամբ։
8. Փոխանակ նպաստելու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն բնականացման, արձանագրութիւնները իրականութեան մէջ մեծ վնաս հասցուցած են այդ ձեւի հաշտութեան մը հեռանկարին։ Ապագայի փորձերը պէտք է սկսին սահմաններու բացման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման նախնական քայլերով փոխանակ թխմելու տասնեակ մը անկապ հարցեր եւ նախապայմաններ մէկ համաձայնութեան մէջ։ Իսկական հաշտութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ ճշմարտութեան եւ արդարութեան վրայ եւ ոչ թէ սուտերու եւ քողարկումներու…
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի Խմբագիր