ՋԱՒԱԽՔ, «Հետք».- Ըստ «Երկիր» միութեան ծրագիրներու համակարգող Ռոպերթ Թաթոյեանի, «Միասնական æաւախք» ժողովրդավարական դաշինքի առաջնորդ Վահագն Չախալեանի փաստաբանները, Վրաստանի վարչական դատարանին մէջ տակաւին կը շարունակեն դատական վէճերը. անոնցմէ երկուքը կը վերաբերի Ֆրանսահայ փաստաբանին, որուն Վրաստանի իշխանութիւնները թոյլ չտուին ստանձնել Վահագնի պաշտպանութիւնը: «Վահագն Չախալեանը առաջին հայն է, որը Վրաստանի Սահմանադրական դատարան հայց է ներկայացրել՝ օրէնքն անվաւեր ճանաչելու համար», նշած է Ռ. Թաթոյեան:
Երրորդը, Չախալեանի փաստաբան Ստեփան Ոսկանեանի՝ 2009ի Օգոստոսին, Վահագնի հետ տեսակցութիւնը արգիլելու բողոքն է, իսկ վերջինը՝ Վահագն Չախալեանի տան մէջ յայտնաբերուած զէնք-զինամթերքի փորձաքննութեան ընթացքին փաստաբան Նինօ Անտրաշվիլի ներկայութիւնը արգիլելու ուղղութեամբ բողոքն է:
«Երկիր» միութեան ծրագրերու համակարգողը վստահեցուցած է, որ նշեալ 4 դատերը՝ Վահագնի բուն դատին հետ, պիտի ուղղուին Եւրոպական դատարան: Ռոբերթ Թաթոյեան վստահ է, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ իրենք պիտի շահին դատը, որովհետեւ խախտումները ակնյայտ են: Ըստ անոր, վրացական իշխանութիւնները ընտրած են երկու մարտավարութիւն՝ հնարաւոր չափով հիւծել Վահագն Չախալեանը, ձգձգել դատավարութիւնները, ինչպէս նաեւ տարաբնոյթ գործարական պայմանագրեր կնքելու առաջարկներ ընել Վահագնին, որպէսզի ան ընդունի իրեն դէմ հնչած մեղադրանքները, ու ապա գրաւով ազատ արձակուի:
Ռ. Թաթոյեան նաեւ յայտնած է, թէ Վահագնի բուն դատին ուղղութեամբ վճառաբեկ բողոքէն որեւէ արձագանգ չկայ տակաւին: Օրէնքով սահմանուած 6ամսեայ ժամկէտը տակաւին չէ աւարտած:
Վահագն Չախալեանի քաղաքական գործունէութիւնը, «Երկիր» միութիւնը ամփոփած է փոքրիկ գրքոյկով՝ «Բանտային քաղաքական գրառումներ» վերնագիրով, որուն հեղինակն է ինքն՝ Վահագն Չախալեանը: Գիրքին առաջին մասով ամփոփուած են 2009ի բանտային գրառումները, իսկ երկրորդ մասով ներկայացուած են անոր պաշտպանական ճառերը, դատարանին մէջ ըսած վերջին խօսքը, բաց նամակը՝ Վրաստանի նախագահին, եւ գործունէութեան ամփոփ տեղեկագրութիւնը՝ 2001-2008: