Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Հինգշաբթի, Փետրուար 4ին, հանդիպում ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նորընտիր նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ։ Հանիդպման ընթացքին, Տաւութօղլու յայտնած է, թէ Եւրոպական խորհուրդի յաջորդ շրջանը «թրքական ժամանակաշրջան» մը պիտի ըլլայ, որովհետեւ Թուրքիա Նոյեմբերին պիտի ստանձնէ նաեւ Եւրոպական խորհուրդի ժամանակաւոր նախագահութիւնը:
«Մենք յատուկ կարեւորութիւն կ՛ընծայենք այս ժամանակաշրջանին, որուն ընթացքին Թուրքիոյ ազդեցութիւնը անգամ մը եւս պիտի տեսնուի», ըսած է նախարարը։
Չաւուշօղլու, իր կարգին յայտնեց, որ Թուրքիա միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ նկատառելի եւ ազդու երկրի մը վերածուած է՝ շնորհիւ իր հզօր, աշխոյժ եւ նախաձեռնող արտաքին քաղաքականութեան։ Ան նաեւ ըսաւ, որ Եւրոպական Խորհուրդին մէջ կատարուելիք շարք մը բարեփոխումներ կան եւ զանոնք իրականացնելու համար Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին ու նախարարութեան անձնակազմին օժանդակութիւնը խնդրեց։