Մարտ 4ին, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովը, իր օրակարգին մէջ պիտի ունենայ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը (մանրամասնութիւններու համար՝ տե՛ս այսօրուան մեր տեղեկագրութիւնը այս նիւթին մասին):
Անցեալ տարուան Մարտին քոնկերսականներ Էտըմ Շիֆի, Ճորճ Ռատոնովիչի, Ֆրէնք Փալոնի եւ Մարք Քըրքի նախաձեռնութեամբ ներկայացուած բանաձեւը, նաեւ Ծերակոյտի օրակարգի նիւթ պիտի դառնայ՝ շնորհիւ ծերակուտականներ Պապ Մենենտեզի եւ Ճան Էնսայնի ճիգերուն:
Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի վաւերացումը առաջին գլխաւոր հանգրուանը պիտի դառնայ բանաձեւի վերջնական վաւերացումը ապահովելու տիտանեան աշխատանքին:
Իբրեւ բարոյական ճնշում արտաքին յանձնաժողովի անդամներուն վրայ, Հայ Դատի յանձնախումբի տեղական, շրջանային ու կեդրոնական գրասենեակներու համակարգուած աշխատանքները կը միտին ամէն օր աւելցնել բանաձեւին տակ ստորագրելու պատրաստակամութիւն յայտնած քոնկրեսմեններու անունները: Ներկայիս այդ թիւը 135 է: Յառաջիկայ օրերուն, ամէն ճիգ պէտք է թափուի, որ այդ թիւը բարձրանայ, ու ապահովուի Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն առնուազն պարզ մեծամասնութիւնը:
Արտաքին Յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Հաուըրտ Պըրմընի որոշումը, Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը օրակարգի վրայ դնելու ամէնէն արտայայտիչ պատասխանը եղաւ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ նորանշանակ դեսպանին, որ կը յոխորտար, թէ Միացեալ Նահանգները ո՛չ այսօր եւ ո՛չ ալ ապագային, երբեք Հայկական Ցեղասպանութիւնը չի կրնար ճանչնալ, որովհետեւ, եթէ նման քայլ մը առնէ, ապա թուրք-ամերիկեան ռազմավարական դաշինքը կը վտանգուի:
Թուրք դեսպանի այս կանխահաս յայտարարութիւնը եթէ մէկ կողմէ կը միտի զգուշացնել ամերիկացի քաղաքական շրջանակները, որպէսզի ետ կանգնին Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին զօրակցելու գաղափարէն, միւս կողմէ յստակ առաջադրանք կու տայ թուրք ամերիկացիներուն, որ շղթայազերծեն հակաբանաձեւ-արշաւ մը ու ամէն գնով փորձեն ձախողեցնել վերոնշեալ բանաձեւը: Թրքական կազմակերպութիւնները արդէն իսկ յայտարարած են իրենց պատրաստակամութիւնը ու զօրաշարժի ենթարկած են իրենց կազմակերպական, նիւթական ու քաղաքական հնարաւորութիւնները:
Հասկնալի է, որ բանաձեւի վաւերացման այս պայքարը միեւնոյն ատեն ազդու միջոց մըն է հայ-թրքական տխրահռչակ արձանագրութիւնները ձախողեցնելու: Արդարեւ, բանաձեւի վաւերացման պարագային, Թուրքիա պիտի կորսնցնէ իր հետապնդած գլխաւոր նպատակներէն մէկը իրականացնելու կարելիութիւնը, իսկ Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման առջեւ դռները լայնօրէն պիտի բացուին:
Այս հեռանկարը պէտք է բաւարար ըլլայ, որ մեր համայնքը ինքզինք գերազանցելով՝ ստեղծէ բոլոր պայմանները՝ նիւթական, քաղաքական ու բարոյական, որպէսզի բանաձեւը վաւերացուի Քոնկրեսին կողմէ:
Այս մարտադաշտին վրայ առաջին ճակատամարտը պիտի սկսի Մարտ 4ին:
Պատրաստուինք անոր՝ համազգային ուժերով, յաղթելու վճռականութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Mer azk’e tsantsratsav medz medoutioun essvadz havakaganoutyants tavadjanoutyenen
Our menats nakhakah woodro wilsoni tsoutsamadov tsouyts devadz yerguir’e
“Taht’s belong to armenia”
nouyn seriganer’e nouyn tavadjanoutioun’e
vertchin’e Oum-babai khosdoum’e
tchenk marssadz dagavine yeghadz soud’e
vorovhedev -oubama’n “agama” sedakhoss m’en e, musneroun neman
zi ” tsayn pazmadz tsayn assdedzo”
kena havada yete gernass’ varbed!
“That’s belong to Armeia”
I don’t beleve
because
“chat échaudé crant l’eau froide”= gaten lezoun ayradz’e tchour’e petchelov ge kheme
hanoun hor yev vortvo yev vortvouyn serpo
amen!
ps You are subscribed to this entry. Manage your subscriptions.
AYSS INTCH E
yete tchek ouzer tchenk kerer
woua salam allekoum