Հովանաւորութեամբ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ս. Խաչ Մայր տաճարի հովիւներուն եւ Հոգաբարձութեան, Ս. Գրոց սերտողութեան խմբակներու Ծննդեան սիրոյ ճաշը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յունուար 10ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Թումանեան» սրահին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի։
Ճաշկերոյթին ընթացքին գործադրուեցաւ օրուան պատշաճ յայտագիր մը, զոր վարեց Արփի Կիտցինեան։ Բացման խօսքը կատարեց Գրիգոր Մըսրլեանը, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց Ս. Գրոց սերտողութեան խմբակներու նպատակը՝ ծառայել Աստուծոյ, Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներուն։ Ապա յայտնեց. «Մեր տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը առիթ կ՛ընծայէ մեր բոլորին, որ կարենանք Իրեն գալ մեր դժուարութիւններով, մեր մտահոգութիւններով, մեր վախերով եւ մեր մեղքերով։ Ուստի մեր լաւագոյն նուէրը պիտի կարենանք տալ Ս. Ծննդեան առիթով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին՝ լայն բանալով մեր սրտերը Իրեն առջեւ, Ս. Հոգիով լեցուելու, փրկութիւն ստանալու եւ յաւիտենական կեանք ժառանգելու»։
Հոգեւոր հովիւ Նարեկ քհնյ. Փեհլիվանեան կատարեց սեղանի օրհնութիւնը եւ տնօրհնէքի արարողութիւնը, որմէ ետք ներկաները ճաշակեցին սիրոյ ճաշը։ Ճաշկերոյթին ներկայ եղաւ նաեւ հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան։
Յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ քոյրերն ու եղբայրները՝ ընթերցելով Ս. Գիրքէն Փրկչին գալուստը յայտնաբերող Ծննդեան տօնին առնչուող հատուածներ. Թագուհի Սիմոնեան, Արաքսի Եղսիկեան, Շաքէ Սեդրակեան, Անահիտ Ներսէսեան, Կարօ Պչաքճեան, Նայիրի Գոճապապեան, Յակոբ Գուլայեան, Սօսի Կապրիէլ, Մատլէն Թաթոյեան, Մարի Քէլլէեան։
Ս. Ծննդեան երգեր եւ շարականներ երգեց Հեղինէ Հարպոյեանը՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ Սարգիս Կենճեանի։
Հանդէսը աւելի տպաւորիչ եղաւ, երբ մեր երիտասարդներու խումբէն Անի Տիգրանեան եւ Թամար Կապրիէլ, հայերէնով եւ անգլերէնով փոխանցեցին Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան պատգամը, իբրեւ Աստուծոյ պարգեւը մեզի՝ մեղաւոր մարդկութեան, եւ կամուրջ Աստուծոյ եւ մեր միջեւ՝ Յիսուսի միջոցաւ։
Ապա, Հոգաբարձութեան կողմէ տոքթ. Յակոբ Տիգրանեան շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագրի բոլոր մասնակցողներուն, ինչպէս նաեւ Գրիգոր Մսրլեանին ու ազնիւ տիկնոջ՝ Անիին, որոնք համեստօրէն եւ կամաւոր կերպով կը շարունակեն սոյն սերտողութիւնները։ Ուրախալի էր տեսնել մեր քոյրերն ու եղբայրները հաւաքուած սիրոյ սեղաններու շուրջ, իրարու հետ միասնաբար զօրացնելու մեր քրիստոնէական հաւատքը։
Փակման աղօթքը կատարեց Նարեկ քհնյ. Փեհլիվանեան «Հայր Մեր»ով եւ «Պահպանի»չով, ապա ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա»ն։
Օրուան հասոյթը եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւնները փոխանցուեցան Ս. Խաչ Մայր տաճարին։