Հ. ԹՐԹՌԵԱՆ
Ճիշդ է, որ մարդկութեան գիտակից գոյութենէ ի վեր, ամէն օր արեւը ծագած ու մարած է եւ օրերը անդարձ կարաւանի նման յաջորդած են իրարու. հաւանաբար մարդկութեան գոյութենէն ալ յետոյ, ո՛վ գիտէ, միլիոնաւոր կամ հարիւր հազարաւոր տարիներ ալ ետք, օրերը պիտի շարուանակեն իրենց անընդմէջ թաւալումը դէպի յաւիտենականութիւն: Բայց, եկէք ընդունինք, որ մարդոց, կազմակերպութիւններու, ազգերու, մարդկութեան պատմութեան մէջ կան օրեր, որոնք դուրս կու գան կարաւանէն եւ իրենց հետ մարդը դուրս կը հանեն իր միօրինակ, ծանրաքայլ, կեանքի հոգերով փոշոտած ընթացքէն ու կը պատճառեն քիչ մը ժպիտ, պատառիկ մը երջանկութիւն կամ երիզ մը գոհունակութիւն, առանց որոնց ապրիլն իսկ կը դառնայ անիմաստ ու պարտադրեալ ճանապարհորդութիւն:
Այդպիսի, չեմ ըսեր բացառիկ, բայց գոնէ կարաւանէն դուրս ինկած օր մը եղաւ Յունուար 16ը, Լոս Անճելըսի Քեսապցիներու ուսումնասիրաց միութեան համար: Վարչութիւնը, այդ օրը, արդար հպարտանքով կը տօնախմբէր «Քեսապցիներ» տարեգիրքին 50րդ հատորին ծնունդը: Ափսոս որ պէտք եղած շքեղանքն ու ծանուցումը չեղաւ այդ առիթով: Բայց ի՞նչ, ո՞ւր չէ գունաթափած հայութեան անդաստանին մէջ, ուր օտարութեան մառախուղն ու այլասեռման ծխամշուշը (smog) վարագուրած են հայրենական քաղցրիկ արեւի ճառագայթները: Արդարեւ, ես չեմ յիշեր որեւէ տարեգիրք՝ Սփիւռքի կամ հայրենիքի մէջ, որ ապրած ըլլայ 50 տարի: Անշուշտ չեմ խօսիր թերթերու՝ «Ասպարէզ», «Ազդակ», կրօնական ամսագիրներու կամ պարբերաթերթերու՝ «Հասկ», «Հանդէս Ամսօրեայ», կամ այդ իմաստով այլ հրատարակութիւններու մասին:
«Տարեգիրք»ը երբ սկսաւ, հազիւ 25 էջնոց գրքոյկ մըն էր՝ 150 անուններով. այսօր, 300 էջնոց պատկառելի հատոր մըն է՝ 1150 անուններով, հեռաձայնի թիւերով եւ համացանցային հասցէներով: Ան միութեան կապն է Սփիւռքի գրեթէ բոլոր քեսապցիներուն, եւ անոնց կեանքի արխիւարանը: Այսուհանդեձ ընդունուած չափանիշները նկատի առած՝ ձեռնարկը աւելի քան գնահատելի էր:
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ միութեան «Կարապետեան» սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 9էն սկսեալ: Հանդիսութեան բացումը կատարեց վարչութեան բազմավաստակ, քանիցս նաեւ ատենապետութիւնը վարած անդամ տոքթ. Հրայր Ադիկեան: Ապա հրաւիրեց միութեան ատենապետուհին՝ առաջինը իր սեռի այդ պաշտօնին արժանացած, Եսթեր Թոկնոչզի-Չէլէպեանը, որպէսզի օրուան իմաստը փոխանցէ ներկաներուն: Ներկաներս իմացանք, որ տարեգիրքին 50րդ հատորը նուիրուած էր հիմնադիր ու առաջին խմբագիր Վահան Չիւրուքեանին եւ անոր յաջորդող բոլոր խմբագիրներուն: Իր շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքերուն առընթեր, ան յայտնեց, որ վարչութիւնը կազմակերպելու ընթացքի մէջ է ուխտագնացութիւն մը դէպի Քեսապ, որ ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանէն ու Կիլիկիայէն մնացած պատառիկ մը հայրենի հողն է, տօնախմբելու համար Ուսումնասիրաց միութեան հարիւրամեակը: Ապա, Մշակութային եւ Երիտասարդաց յանձնախումբերուն ատենապետները ներկայացուցին իրենց կատարած եւ ծրագրած աշխատանքները:
Տէր Զաւէն քհնյ. Փօլատեանի մատաղօրհնէքէն ետք, տաղանդաշատ Արշակ Խնդիրեանի նուագներով ստեղծուած զուարթ, խանդավառ մթնոլորտին մէջ ներկաները ճաշակեցին այնքան համեղ ու առատ ընթրիքը:
Ճաշէն ետք տոքթ. Հրայր Ադիկեան բեմ հրաւիրեց համագիւղացի տոքթ. Շահէ Շահպազեանը, որ երկուքով երեք ոտք մեծութեամբ ջրաներկ պաստառ մը նուիրեց միութեան: Պաստառը ներկած ու մեծցուցած էր նուիրատուն՝ բնօրինակը առնելով աւելի քան դար մը առաջ նկարուած Քեսապը ներկայացնող լուսանկարէ մը: Ապա ան խանդավառուած ջերմ ծափողջոյններէն, երգեց երիտասարդութեան յօրինած իր երգերէն «Իմ հիւղակս Քեսապի» մեներգը:
Օրուան գլխաւոր պատգամաբերն էր վերապատուելի տոքթ. Վահան Թութիկեան, որ հեղինակ է 30 հատորներու եւ 50 ու աւելի տարիներ վարած է համայնքային բարձրագոյն պաշտօններ. հանրածանօթ է ոչ միայն հայ, այլ նաեւ ընդհանուր աւետարանական շրջանակներու: Իր խօսքին մէջ, ան բարձր գնահատեց քեսապցիներու ուսումնատենչութիւնը. փոխ առնելով իր վանեցի բարեկամներէն մէկուն խօսքը՝ ան ըսաւ. «Ինչպէ՞ս կարելի է ապրիլ առանց քեսապցի ըլլալու»: Նոյն ատեն ան յորդորեց ըլլալ հեզ ու խոնարհ եւ չմոռնալ, որ քեսապցիներն ալ ունին իենց թերութիւնները եւ իբրեւ մարդ՝ շատ հեռու են կատարեալ ըլլալէ:
Վարչութիւնը, առ ի գնահատանք «Տարեգիրք»ի խմբագիրներուն, զանոնք պարգեւատրեց յուշատախտակներոով: Հանգուցեալ Վահան Չիւրուքեանը փոխարինեց անոր կինը՝ Սառա Չիւրուքեան, աղջիկը՝ Մէյրի Չիւրուքեան (Միսաքեան) Սաճեանը, Մարինա Սաճեանը, Նորայր Մըսըրլեանը եւ քոյրը՝ Սիլվա Մելիքեանը: Ներկայ էին Անէթ Աբէլեան, Հրայր Ադիկեան, Խաչիկ Թիթիզեան. կը բացակայէին Ասատուր Թրթռեանն ու Ճորճ Թրթռեանը: Յատուկ գնահատանքի արժանացաւ Միսաք Աբէլեան, որ 25 երկար տարիներ անխոնջ նուիրումով ու անսպառ յարատեւութեամբ խմբագրած է տարեգիրը: Որպէսզի անոր ծառայասիրութիւնը մնայ անդեդեւ եւ գրիչը միշտ դալար՝ վարչութիւնը զայն պարգեւատրեց ոսկէ գրիչով մը:
Երեկոն եղաւ պզտիկ վայելքներու, հին յուշապատումներու եւ նոր սպասումներու իմաստալից պահ մը: Վստահաբար բացակաները բան մը կորսնցուցին: