ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- «Եունեսքօ»ի կողմէ «2009՝ Պէյրութ համաշխարհային գիրքի մայրաքաղաք» հռչակուելուն առիթով, կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի «Տէրեան» հայագիտական գրադարանի բարեկամներուն, Ուրբաթ, Յունուար 22ին, երեկոյեան ժամը 6։30ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Լիբանանահայ գիրքը. 2009ի հրատարակութիւններ» խորագիրը կրող հանդիսութիւնը։
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Հայկազեան համալսարանի գրադարանապետ Սոնիա Սիսլեան, որ յայտնեց, թէ 2009ին լոյս տեսած գիրքերու հեղինակներուն մէջ կան հայ գրականութեան մէջ իրենց դրոշմը ձգած մտաւորականներ, ինչպէս նաեւ գրական անդաստանին մէջ նոր մուտք գործող երիտասարդներ։ Ան հաստատեց, թէ բոլոր հեղինակներն ալ թրծուած են հայկական շունչով, եւ այդ ոգին ընթերցողներուն կը փոխանցեն իրենց գործերուն ընդմէջէն։ Սոնիա Սիսլեան նաեւ ներկայացուց օրուան դասախօսին կենսագրութեան հիմնական տուեալները։
Հանդիսութեան պատգամը փոխանցեց «Խաչեր Գալուստեան» մանկավարժական կեդրոնի տեսուչ Կարօ Յովհաննէսեանը, որ հաստատեց, թէ Հայաստանը կը գտնուի հոն, ուր հայութիւն կայ, հայ գրագէտ ու բանաստեղծ կայ, ուր հայ գիր կայ։ Ան աւելցուց, որ վերոնշեալ հաստատումին շրջագիծին մէջ «Տէրեան» գրադարանը ամբողջական Հայաստան մըն է։
Ան նշեց, որ այսօրուան պայմաններուն մէջ գիրք հրատարակելը իրողապէս հերոսական գործ է, ինչ որ արժանի է համապատասխան գնահատանքի։
Յովհաննէսեան շեշտեց, թէ պէտք է հետեւիլ «մաշտոցեան քաղաքականութեան», որ կ՛անդրադառնայ գոյատեւման համար մշակոյթ կերտելու կարիքին։ Ան ըսաւ, թէ հայ մշակոյթը պէտք է ունենայ համաշխարհային տեսլական, որ կ՛իւրացնէ ուրիշին դրական արժանիքները՝ առանց ենթարկուելու անոնց։
Կարօ Յովհաննէսեան հաստատեց, թէ մեծարանքի այս երեկոն ժխտական հոսանքին դէմ թիավարելու ցուցանիշն է, եւ գիրքերու հեղինակները հաստատակամօրէն կը հետեւին մաշտոցեան փիլիսոփայութեան։ Բանախօսը ըսաւ, թէ իր բնոյթով աննախընթաց հաւաք մըն է այս ձեռնարկը, որ պէտք է վերածուի աւանդութեան, եւ որ պէտք է հայ գիրքի տպագրութեան 500ամեակը մօտեցնող շարժառիթ մը ըլլայ։
Գեղարուեստական յայտագիրի ծիրին մէջ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտ Բալիկ Լատոյեան, որ դաշնակով նուագեց Կոմիտասի «Գարուն ա» ստեղծագործութիւնը, որմէ ետք Շողիկ Յովսէփեան ասմունքեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Հայերէն գիրք» բանաստեղծութիւնը։
Ապա խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, որ անդրադառնալով 2009ին լոյս տեսած գիրքերուն՝ ըսաւ, թէ անցնող տարուան հունձքը առատ էր եւ մշակները շատ էին։ Հայտոսթեան շեշտեց, թէ լիբանանահայութիւնը Սփիւռքի մէջ ունի իր իւրայատուկ դերը, որն է՝ պատրաստել մտքի եւ հոգիի մարդիկ, եւ որ կ՛իրականանայ գիրքերու ճամբով։ Իր խօսքի աւարտին, Հայկազեան համալսարանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հեղինակներուն, որոնց անցնող տարուան ճգնաջան աշխատանքին իբրեւ արդիւնք՝ հրատարակուած էին հայերէն գիրքեր։
Հանդիսութեան աւարտին դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան գնահատագիրներ յանձնեց 2009ին գիրք հրատարակած հեղինակներուն եւ խմբագրական կազմերու ներկայացուցիչներուն՝ Գէորգ Աբէլեանի, Պարոյր Աղպաշեանի, Յովսէփ Ծ. վրդ. Թոփալեանի, Սոնա Խտըշեան-Ծառուկեանի, Լեւոն Ճերմակեանի, Մեսրոպ Հայունիի, Ալին Յակոբեանի, Շահանդուխտի, Զանի Շահինեան-Մեսրոպեանի, Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի, Արամ Սեփեթճեանի, Պէպօ Սիմոնեանի, Պօղոս Սնապեանի, Լուսիկ Սոմունճեան-Աֆարեանի, Անահիտ Տօնիկեանի, Երուանդ Փամպուքեանի, Երուանդ Քասունիի, Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեանի, Վարանդ վրդ. Քորթմոսեանի, Աղաւնի Ֆստըգճեանի, Հայկազեան հայագիտական հանդէսին եւ «Հասկ» հայագիտական տարեգիրքին։
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ գիրքերու ցուցադրութիւն, մակագրութիւն եւ կարկանդակի հատում։
Այսպիսի հազուագիւտ նախաձեռնութիւններ հպարտութեան շարժառիթ են Սփիւռքի պայմաններուն մէջ ապրող հայութեան համար, իսկ ստեղծագործ միտքով ու բանով շնչող մտաւորականներուն՝ անհրաժեշտ խթան:
Շնորհաւորելի է Հայկազեան համալսարանի «Տէրեան» հայագիտական գրադարանի բարեկամներուն կազմակերպած սոյն ձեռնարկը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.