ՄՈՍԿՈՒԱ, «Երկիր».- Կազմակերպութեամբ Ռուսիոյ Դաշնային խորհուրդի միջազգային հարցերու կոմիտէին, Փետրուար 5ին իրականացած է միջազգային գիտաժողով մը, որուն մասնակցած են Ռուսիոյ պատգամաւորներ, տարբեր նախարարութիւններու եւ գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ, վերլուծական կեդրոններու փորձագէտներ, շարք մը երկիրներու դեսպանութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
«Միջազգային ահաբեկչութիւնը տեղեկատուական դարաշրջանում» խորագիրը կրող միջազգային գիտաժողովին մասնակցած է նաեւ ՀՅԴ Մոսկուայի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Եուրի Նաւոյեան՝ ներկայացնելով «Տեղեկատուական ահաբեկչութիւնը կովկասեան աշխարհաքաղաքականութեան մէջ» թեման:
Իր խօսքին մէջ Նաւոյեան նշած է, թէ ԽՍՀՄ փլուզումէն ետք սկսած է նոր աշխարհակարգի մէջ Կովկասի ընդգրկման գործընթացը, որուն կ՛ուղեկցին իրենց անկախութեան աշխարհաքաղաքական հիմքերը փնտռող նորանկախ պետութիւններու բախումներ եւ տեղեկատուական հակամարտութիւններ:
Ե. Նաւոյեան անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի դէմ ուղղուած տեղեկատուական պատերազմին եւ նշած, որ հայատեացութիւնը՝ իբրեւ գաղափարախօսութիւն, կը դառնայ Ատրպէյճանի կենսակերպը: Նկատի ունենալով, որ Թուրքիոյ մէջ հայերը ենթարկուած են ցեղասպանութեան, եւ ոչնչացած է հայկական մշակութային ժառանգութիւնը՝ Նաւոյեան յայտնած է, թէ կրնանք եզրակացնել, որ գործ ունինք հայատեացութեան աշխարհաքաղաքականութեան հետ:
Նաւոյեան նաեւ նշած է, որ հայատեացութեան տեղեկատուական համակարգուած դրսեւորումը ուղղուած է պատմութեան ձեւախեղման, հայկական ազգային գաղափարախօսութեան վարկաբեկման, ազգային ոգիի ճնշման եւ հայ ժողովուրդի՝ իր պատմական յիշողութենէն զրկման:
Ներկայիս Հայաստանի առջեւ ծառացած է տեղեկատուական հակադրութիւնը չէզոքացնելու խնդիր, ըսած է Նաւոյեան եւ աւելցուցած, որ հակազդեցութեան արդիւնաւէտ միջոցներէն մէկը կրնայ դառնալ Սփիւռքի ցանցային կառուցուածքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.