Շաբաթ, Յունուար 30ի երեկոյեան, աւելի քան 220 հայորդիներ հաւաքուեցան Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ մէջ, տօնախմբելու համար Սուրբ Սարգիս զօրավարին տօնը:
Արարողութեան հանդիսապետեց առաջնորդ սրբազան հայրը, որուն մասնակցեցան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան, Պարետ Ծ. վրդ. Երէցեան եւ դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեան:
Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, որուն ընթացքին սրբազան հօր Օրհնութեան եւ Գնահատութեան վկայագիրին եւ «Հայ Ոգի» շքանշանին արժանացան Ժանէթ Գէորգեանը, Մարկրիթ Ղուկասեանը, Վիգի Փարեանը, Յովիկ Լաջինեանը, Արա Կէպէշեանը, Վերժին Աղոյեանը եւ Վարդուհի Եաղլըճեանը: Քալիֆորնիա նահանգային Ծերակոյտի անդամ Քէրըլ Լուի կողմէ եւս գնահատագիրի արժանացան նշեալները:
«Այս պարգեւատրումները գնահատութեան արտայայտութիւն են եկեղեցիէն ներս երկարամեայ նուիրեալ ծառայութիւն մատուցող հաւատացեալներուն», ըսաւ Ծխական խորհուրդի ատենապետ Վահէ Իսկէնտէրեանը: Ընթրիքի ընթացքին ներկաները խանդավառեցին դաշնակահար Լեւոն Թոմասեանը եւ երգիչ Միքայէլ Արապեանը: Իրենց կարգին, եկեղեցւոյ «Յովսէփեան» վարժարանի աշակերտները հանդէս եկան աւանդական հայկական պարերով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.