ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ըստ «20 Minutos» սպանալեզու կայքէջին, աշխարհի ամենագեղեցիկ կին քաղաքական գործիչներու աղիւսակին վեցերորդ դիրքը գրաւած է հայազգի էսթոնացի քաղաքագէտ, 26ամեայ Աննա-Մարիա Գալոյեանը:
54 կին քաղաքական գործիչ ընդգրկող ցուցակին առաջին տեղը գրաւած է
Փերուի խորհրդարանի պատգամաւոր Լուչիանա Լէօն: Ուգրանիոյ վարչապետ, նախագահական ընտրութիւններու առաջադրուած թեկնածու, 48ամեայ Եուլիա Թիմոշենկօ գրաւած է 8րդ տեղը, իսկ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար, 61ամեայ Հիլըրի Քլինթընը յայտնուած է 34րդ դիրքին վրայ: