ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Թարաֆ» թերթը կը գրէ «Մուշի կապուած Չէնկէնլլի գիւղի վերին տարածքին վրայ», 1600 տարուան պատմութիւն ունեցող Հայկական Ս. Կարապետ վանքին մասին։ Խօսքը անշուշտ կը վերաբերի Մշոյ նշանաւոր Ս. Կարապետ պատմական եկեղեցիին, որ երկար տարիներ եղած է հայ ժողովուրդին գլխաւոր ուխտատեղիներէն մէկը։
Յօդուածագիրը կը նշէ, թէ յիշեալ վանքը, նախքան 1915ի դէպքերը, ունէր 400 սենեակներով գեղատեսիլ երեւոյթ։ Վանքը ունի վաղեմի անցեալ։ Նախ գործածուած է իբրեւ մեհեան, ապա՝ 339ին, հայերուն ձեռքով եկեղեցին այլակերպուած է։ Այդ տարիներուն այնտեղ ապրած է նորվեկիացի կրօնաւոր մը՝ Պոտիլ Քերթին, որուն յիշատակագրութիւնը վկայութիւն կը համարուին այս եկեղեցւոյ անցեալին մասին։
1915ի դէպքերէն ետք, այս վանքին տրուած է «Սպիտակ եկեղեցի» անունը, ճերմակ քարերով կառուցուած ըլլալուն համար։
Ըստ յօդուածագիրին, տեղահանութենէն ետք պատմական այս կառոյցը գանձ փնտռողներու ուշադրութեան թիրախ դարձած է։ Անոնք քար առ քար քանդած են եկեղեցին, աւերած են 400 սենեակները, այդ աւերակներէն յափշտակած են քարերը եւ զանոնք գործածած են իրենց շինութիւններուն մէջ։ Տեղի գիւղացիները կը հաստատեն, թէ շրջանի բոլոր շէնքերուն՝ ներառեալ գիւղի մզկիթին, շինութեան համար գործածուած են այդ քարերը։ Էրզրումի Մշակոյթի եւ բնութեան պահպանութեան յանձնախումբը եւս ստուգած է այս եղելութիւնը։ Պինկէօլէն մինչեւ Մուշ, հսկայ տարածքի վրայ առկայ բոլոր շէնքերն ու կառոյցները ունին հետքեր այս վանքէն։ 1600 տարուան անցեալ ունեցող վանքին քարերը այժմ իրենց գոյութիւնը կը պահպանեն ուրիշ շէնքերու վրայ։
Ս. Կարապետ վանքէն մնացած է միայն պատ մը, իսկ անոր զարդաքանդակները՝ իբրեւ այդ տարիներէն մնացած վկայութիւն, կը զարդարեն շրջակայ շէնքերուն պատերը։
«Թարաֆ»ի յօդուածագիրը այս գրութեան համար գործածած է հեգնական շեշտով խորագիր մը՝ «Կտորները միացուր եւ վանքը վերակազմէ»։