ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երկուշաբթի, Փետրուար 8ին, կ.ե. ժամը 5ին, Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին մէջ համայնքային ներկայացուցիչներ հանդիպում մը ունեցան պատրիարքական ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինի անդամներուն հետ եւ քննարկեցին աթոռակից պատրիարք-լիիրաւ պատրիարք այլընտրանքներու հարցով ծագած տարակարծութեան մանրամասնութիւնները։
Մամուլը հրաւիրուած չէր այս ժողովին։ Համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչները ժողովի ընթացքին յիշեցուցին, որ Նախաձեռնարկ մարմինը ձեւաւորուած էր համայնքային մարմիններու ու հոգեւոր դասին կողմէ՝ աթոռակից պատրիարքի ընտրութեան համար, իսկ հիմա ան փոխած է այդ որոշումը ու դիմում կատարած է լիիրաւ պատրիարք մը ընտրելու համար։ Անոնք յիշեցուցին նաեւ, որ համայնքային ներկայացուցիչներու մեծամասնութիւնը, եթէ ոչ ամբողջութիւնը, կողմնակից էր աթոռակից պատրիարք ընտրելու գաղափարին։
Նախաձեռնարկ մարմինի անդամները դարձեալ յառաջ քշեցին իրենց պնդումներն ու պատճառաբանութիւնները, որոնք կը թելադրուէին երկու փաստաբաններու կողմէ։ Անոնք անգամ մը եւս պնդեցին, թէ աթոռակից պատրիարք ընտրելու նախաձեռնութիւնը դէմ է օրէնքներու։
Թեր ու դէմ կարծիքներու փոխանակումը շօշափելի արդիւնք չտուաւ, Համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչները խնդրեցին, որ Նախաձեռնարկ մարմինի անդամներն ու երկու փաստաբանները ներկայանան Փետրուար 15ին, համայնքային ու թաղային բոլոր մարմիններու ներկայացուցիչներուն ներկայութեամբ գումարուելիք ՎԱՏԻՓի ժողովին, եւ ներկայացնեն իրենց տեսակէտներն ու պատճառաբանութիւնները։