ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի Արդի արուեստի թանգարանը (MOCA) կը տեղեկացնէ, թէ յառաջիկայ Յունիս 6էն մինչեւ Սեպտեմբեր 20, թանգարանին մէջ ցուցադրուելիք հայազգի արուեստագէտ Արշիլ Կորքիի գործերուն ցուցահանդէսին ի նպաստ դրամահաւաք կատարելու, ցուցահանդէսին առաւելագոյն մասնակցութիւն ապահովելու եւ անոր զուգահեռ դաստիրակչական ծրագիր մը մշակելու նպատակով, որոշուած է կազմել «Կորքիի բարեկամներ» յանձնախումբ մը, որուն մասնակիցները արդէն իսկ քանի մը առիթներով խորհրդակցութիւններ ունեցած են:
Ամերիկեան արուեստը դէպի վերացապաշտութիւն առաջնորդած Կորքիի գործերուն ցուցահանդէսը 1981էն ի վեր մեծագոյնն է եւ կազմակերպուած է Ֆիլատելֆիոյ, Լոս Անճելըսի եւ Լոնտոնի «Թէյթ» թանգարաններու համագործակցութեամբ:
Թանգարանը կը տեղեկացնէ, թէ յանձնախումբին աշխատանքներուն կը մասնակցին համայնքային մօտաւորապէս 40 ղեկավարներ, գործարարներ ու արուեստագէտներ, որոնց շարքին են Ռաճըր Սթանչ, Յարութ եւ Այլին Սասունեան, Էլիզապէթ Աղպապեան, Ստեփան Պաղպուտարեան, Ռիչըրտ Հրայր Տէքմէճեան, Ճոան Քուին, Պրուս Ռոթ, Քէրոլայն եւ Կրեկորի Թիւֆէնքեան, Քարլա Կարապետեան ու Սինթիա Թուսան:
Թանգարանը կը յուսայ, որ ամերիկեան արուեստի պատմութեան մէջ անկիւնադարձային դեր մը խաղացած Արշիլ Կորքիի գործերուն նուիրուած սոյն ցուցահանդէսին միջոցաւ կարելի կ՛ըլլայ թանգարանին ու հայ համայնքին միջեւ կապերը սերտացնել:
Յանձնախումբին գործունէութեան մաս կազմելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար կարելի է կապ հաստատել Ճէնըֆըր Արքանուի հետ, (213) 621-1728 թիւով կամ jarceneaux@moca.org հասցէով: