ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
ՀԲԸՄի «Արտաւազդ» թատերախումբը, Փասատինայի իր կեդրոնի սրահին մէջ, 10 անգամ ներկայացուց անմահ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները»՝ Նոյեմբեր 21էն Դեկտեմբեր 20ի միջեւ երկարող շաբաթավերջերուն։ Աւելի քան 2500 հայորդիներ հոգեպէս բաւարարուեցան եւ իրենց գեղարուեստական պապակը անգամ մը եւս յագեցաւ՝ սրտի անհուն գոհունակութեամբ բաժնուելով սրահէն։
Օրէնճ Քաունթիի ՀԲԸՄին շաբաթօրեայ դպրոցի վարչութեան խնդրանքով, թատերախումբի վարչութիւնը, նիւթապէս սատար հանդիսանալու համար հայ մանուկի կրթութեան ծախսերուն, համաձայն գտնուեցաւ կրկնելու վերոյիշեալ կատակերգութիւնը այդ գաղութի մշակութասէր հասարակութեան համար։
Ուրեմն, Կիրակի, Յունուար 24ի յետմիջօրէի ժամը 5ին, Ս. Քառասնից Մանկանց Հայաստանեաց առաքելական եկեղեցւոյ «Ղուկասեան» սրահը ժամադրավայրը հանդիսացաւ այդ հրճուանքին։ Աւելի քան 240 թատերասէրներ կանուխէն լեցուցած էին սրահը, վայելելու երկու արարնոց կատակերգութիւնը։
Հանդիսատեսներու երկու ժամուան գոհունակութիւնը յստակօրէն կ՛արտացոլար անոնց դէմքերուն վրայ. անոնք ծափողջոյններով եւ ծիծաղով կ՛արտայայտէին իրենց զգացումները՝ մեծապէս ըմբոշխնելով Պարոնեանի ստեղծած եւ «Արտաւազդ»ի մեկնաբանած երգիծական բացառիկ վայելքը։
Ներկայացումէն ետք, մօտաւորապէս 200 հանդիսատեսներ եւ թատերախումբի անդամները բոլորուեցան ճաշի սեղաններուն շուրջ։
Ամէն անգամ, որ «Արտաւազդ» թատերախումբը հրաւիրուի Օրէնճ Քաունթի, սովորութիւն դարձած է նման ճաշկերոյթ մը եւ անոր ընթացքին՝ զուարթախօսութեան պահը։ Այս անգամ եւս, ճաշկերոյթէն ետք տեղի ունեցան անպատրաստից զուարթախօսութեան անմոռանալի պահեր՝ թատերախումբի անդամներուն մասնակցութեամբ։
Առաջին առթիւ բեմ հրաւիրուեցաւ թատերախումբի բեմադրիչ, արհեստավարժ դերասան Գրիգոր Սաթամեանը։ Ան իր ինքնուրոյն երգիծանքով ներկայացուց դրուաքներ՝ քաղուած թատերական գործով կատարած իր ճամբորդութիւններէն։
Գիտենք, որ աշխարհի զանազան գաղթօճախներու մէջ ապրող հայեր, անպայմանօրէն կ՛ենթարկուին տեղական լեզուի շեշտի ազդեցութեան եւ իրենց հայերէնը կ՛աղաւաղուի, անոնց տիրապետութեան ներքեւ։ Այսպէս, ֆրանսահայը եւ արժանթինահայը բոլորովին տարբեր առոգանութեամբ կը խօսին հայերէն լեզուն եւ մեզի համար այդ կը թուի հաճելի կերպով ծիծաղելի, թէեւ՝ ընդունելի։ Հակառակն ալ կրնայ հեշտութեամբ պատահիլ, այսինքն՝ անոնք ալ հասկնալիօրէն կրնան ծիծաղելի գտնել մեր խօսած հայերէնը…
Յատկապէս զուարճանալի էր Սաթամեանի Պուենոս Այրեսի մէջ՝ թանկօ պարելու եզակի փորձառութիւնը, որ հանդիսատեսներէն խլեց ծափողջոյններու տեղատարափ մը։
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ թատերախումբի վեթերան անդամներէն Մարօ Աճէմեանը։ Պէյրութէն, վիրաւորուած հօր մը՝ իր փեսային գրած աղերսական նամակի մը հայերէն ընթերցումն ու անոր անգլերէնի բառացի թարգմանութիւնը ներկայացուց ան՝ խնդուքի ալիքներ խլելով։
Երեկոյի վերջին ելոյթը ներկայացուեցաւ թատերախումբի երիտասարդ անդամներէն Նարինէ Աւագեանի եւ Արփի Սամուէլեանի կողմէ։ Անոնք մեզի հրամցուցին վիէթնամցի մազայարդարի մը սալոնին մէջ տեղի ունեցած՝ աղաւաղուած անգլերէնով խօսակցութիւնը՝ եղունգներու մաքրութեան վերաբերեալ։ Իսկապէս հիանալի էր անոնց հարազատ բնութագրումը՝ այդ իրական պատահարին։
Նաեւ ելոյթ ունեցաւ Օրէնճ Քաունթիի շաբաթօրեայ դպրոցի պատասխանատուներէն Գրիգոր Մահտէսեանը։ Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց «Արտաւազդ» թատերախումբի վարչութեան, որ ընդառաջած էր իրենց խնդրանքին, եւ ապա՝ բոլոր հանդիսատեսներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ քաջալեր հանդիսացան հանրային վարժարան յաճախող հայ աշակերտի ոդիսականին։
Պատրաստուեցէք ՀԲԸՄի «Արտաւազդ» թատերախումբի յաջորդ ելոյթին, որ պիտի ընդգրկէ ֆրանսացի հին եւ նոր կատակերգակ հեղինակներէն՝ Մոլիէրի եւ Ֆէյտոյի մէկական արարնոց երգիծական թատերախաղեր։