ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ուսմանց բաժանմունքը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարուան Գարնանային կիսամեակին, համալսարանին մէջ երեք վարկանիշով յատուկ նիւթ մը պիտի դասաւանդէ դոկտ. Աբրահամ Տէրեանը:
Դասանիւթը՝ «Գրականութիւն եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը», նուիրուած է 19րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20րդ դարու հայկական գրականութեան՝ կեդրոնանալով յատկապէս յետեղեռնեան գրականութեան վրայ: Դասաւանդումը պիտի ըլլայ հայերէնով եւ անգլերէնով:
Նոյն ժամանակամիջոցին, դոկտ. Աբրահամ Տէրեան համալսարանէն ներս պիտի ներկայացնէ հանրային երեք դասախօսութիւններ, որոնց ընդհանուր խորագիրն է՝ «Ցեղասպանութեան մութին մէջ»: Անոնց միջոցաւ, Տէրեան կը յուսայ հայոց պատմութեան այս ողբերգական էջը լուսարձակի տակ առնել՝ գործի մղելով պատմական իրականութիւնները քօղարկել փորձող ուժերուն դէմ պայքարելու պատրաստ «զինուոր»ները:
Դասախօսութիւններէն առաջինը՝ «Հայկական ինքնութիւնը եւ Ցեղասպանութիւնը», տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Փետրուար 17ին, համալսարանի գործարարական բաժանմունքի «Փիթըրս» սրահին մէջ (University Business Center, Rm. 191, Alice Peters Auditorium): Մնացեալ երկու դասախօսութեանց նման, այս դասախօսութեան մուտքը եւս ազատ է:
Փետրուար 17ին, դոկտ. Աբրահամ Տէրեան պիտի քննէ հայ ինքնութեան իւրայատկութիւնները՝ զանոնք կապելով հայոց պատմութեան իրադարձութիւններուն: Ան պիտի շեշտէ յատկապէս հայ քրիստոնէութեան իւրայատկութիւններուն եւ մանաւանդ հայ ինքնութեան վրայ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ունեցած ազդեցութիւնը:
Դոկտ. Աբրահամ Տէրեան ծնած է Եաֆա, որ ներկայիս Իսրայէլի մէջ կը գտնուի, ու հասակ նետած է Երուսաղէմի Հայկական բաժինին մէջ: Պատմութեան եւ Ս. գրային լեզուներու, ինչպէս նաեւ հնագիտութեան պատմութեան ճիւղերուն մէջ մասնագիտանալէ ետք, ան իր դոկտորան ստացած է աստուածաբանութեան ճիւղին մէջ, Զուիցերիոյ Պալ քաղաքի համալսարանէն, կեդրոնանալով քրիստոնէութեան արմատներուն առնչուող հարցերուն եւ յատկապէս Նոր Կտակարանին առումով՝ յունական եւ հրէական ազդեցութեան վրայ:
1997էն 2008ի միջեւ, ան դասախօսած է Նիւ Եորքի Ս. Ներսէս հայկական դպրեվանքին մէջ եւ եղած է անոր պաշտօնաթերթին խմբագիրը: Ան 20 տարի դասախօսած է նաեւ «Էնտրուզ» համալսարանին մէջ:
Մեր միջնադարի պատմիչներէն Գրիգոր Մագիստրոսի նուիրուած անոր գիրքը, մօտիկ ապագային լոյս պիտի տեսնէ Հրէական համալսարանին կողմէ հայագիտութեան նուիրուած շարքէն: Դոկտ. Տէրեան ներկայիս Ֆրեզնօ հաստատուած է իր կնոջ հետ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ուսմանց բաժանմունքի գրասենեակ՝ (559) 278-2669 թիւով: