ՖՐԵԶՆՕ.- Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան անդամներուն որոշումին անսալով՝ ընկերակցութեան գործադիր խորհուրդը Երկուշաբթի, Փետրուար 8ին հաստատում մը հրապարակեց՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու արձանագրութեանց մէջ տեղ գտած պատմական հարցերու ենթայանձնախումբին մասին:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ երկու երկիրներուն միջեւ պատմական հարցերը քննելու անյստակ պարտականութեամբ մը կեանքի կոչուող ենթայանձնախումբին ստեղծման իբրեւ նպատակ, նշուած է փոխադարձ վստահութիւն ներշնչելու պատրուակը:
«Հակառակ այն իրողութեան, որ արձանագրութեանց մէջ յստակօրէն չէ նշուած, սակայն գրեթէ բոլորը կը գիտակցին, թէ այս ենթայանձնախումբը մէջտեղ բերելով՝ Թուրքիա կը փորձէ գործիք մը եւս աւելցնել Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու իր երկարամեայ արշաւին, փորձելով կասկած յառաջացնել», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան գործադիր խորհուրդը նաեւ կը շեշտէ, թէ մինչ Անգարա կը շարունակէ ուրացման իր քաղաքականութեան վրայ հաստատ մնալ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան տարբեր առիթներով շեշտած է, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը կարելի չէ հարցականի տակ դնել եւ թէ Ցեղասպանութիւնը պէտք է դատապարտուի: Սարգսեան նաեւ աւելցուցած է, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը նշեալ ենթայանձնախումբին կողմէ պէտք չէ քննուի:
«Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը հաստատակամօրէն կը պնդէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը անհերքելի իրադարձութիւն մըն է, հաստատուած՝ առարկայական, մանրակրկիտ եւ բազմալեզու ուսումնասիրութիւններով, մեծ թիւով մասնագէտներու կողմէ, որոնց մեծ մասը անդամ է յարգանք վայելող միջազգային կազմակերպութիւններու, ինչպէս՝ Ցեղասպանութեան ուսմանց միջազգային միութեան եւ մեր՝ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան: Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը չի կրնար եւ պէտք չէ խորհրդակցութիւններու կամ քաղաքական առեւտուրի նիւթ դառնայ», կ՛եզրակացնէ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան գործադիր խորհուրդը: Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել armenianstudies.csufresno.edu/sas/index.htm համացանցային կայքը, կամ կապուիլ հետեւեալ հասցէներուն՝ barlowd@csufresno.edu, կամ Armenian Studies Program, California State University, Fresno, 5245 N Backer Ave. PB4, Fresno, CA 93740-8001:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.