Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Հայաստա՞ն, թէ Թուրքիա:
Յարաբերութիւններու բնականոնացման եւ սահմանի վերաբացման նպատակով Հոկտեմբեր 10, 2009ին միջպետական համաձայնագիր ստորագրած երկու երկիներէն ո՞ր մէկը ետդարձ պիտի կատարէ եւ հրաժարի ստանձնած յանձնառութենէն:
Հարցումը, անշուշտ, պէտք է հակառակ տրամաբանութեամբ դրուէր: Եթէ Երեւան եւ Անգարա իսկապէս խանդավառ եւ հետաքրքրուած ըլլային համաձայնագրի հեռանկարով, ապա եւ ոչ միայն անոր վաւերացման ժամկէտը ճշդած կ՛ըլլային, այլեւ փոխադարձ հասկացողութեան ալ հասած կ՛ըլլային իրենց ներազգային ընդդիմութեան ազդեցութիւնը չէզոքացնելու կոչուած փոխ-զիջումնային ժեսթերու շուրջ: Մինչդեռ Հայաստանի Սահմանադրական սատարանի Յունուար 12, 2010ի որոշումը, որ համաձայնագիրը հակասահմանադրական չէր նկատեր այդուհանդերձ ունէր ներածական ամբողջ բաժին մը, ուր յղումներ կը կատարէր Անկախութեան Հռչակագրի եւ Սահմանադրութեան մէջ տեղ գտած բանաձեւումներուն՝ ըլլայ Ցեղասպանութեան եւ ըլլայ սահմաններու հարցով, պատճառ դարձաւ, որ Թուրքիա Հայաստանին մեղադրէ համաձայնագրի վաւերացումը… պայմանաւորելու յանցանքով: Զուգահեռաբար, Էրտողան, Փութինի հետ իր ունեցած հանդիպումէն յետոյ, սահմանի վերաբացումը կապեց Արցախի հիմնախնդրին: Հայկական կողմի պարագային, իշխող կուսակցութեան պատգամաւորական խմբակցութեան մէջէն լսուեցան ձայներ, որոնց համաձայն Ազգային ժողովը պիտի սպասէ, որ նախ Թուրքիան վաւերացնէ համաձայնագիրը, ապա այդ քայլին դիմելու համար:
Այս կացութիւնը արդիւնք չէ միայն Յունուար 11էն ի վեր համաձայնագրի շուրջ աշխուժացած դիւանագիտական յարաբերութիւններուն՝ Երեւան-Մոսկուա եւ Անգարա-Մոսկուա ուղղութիւններով, ինչպէս նաեւ ԱՄՆի Պետական Քարտուղարութեան վերջին «ներդրում»ին ի դէմս Յունուար 22ին Ֆիլիփ Կորտընի կատարած յայտարարութեան: Հարցի նման հանգուցաւորումը, եւ թերեւս մօտ ատենէն փակուղի մտնելը, արդիւնք է համաձայնագրի հեռանկարով երկու կողմերու որդեգրած ռազմավարութիւններուն, կամ անոնց… բացակայութեան:
Թուրքիա ի սկզբանէ գիտէր թէ համաձայնագիրը կը ստորագրէր այն հաստատ որոշումով, որ անոր գործադրութիւնը պէտք է յստակօրէն բացայայտէ Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւններու բնականոնացման համար դեռեւս 1993էն սահմանուած երեք նախապայմանները՝ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ճիգերու դադրեցում, երկու երկիներու միջեւ սահմաններու իրաւական ճանաչում՝ 1921ի Կարսի եւ Մոսկուայի դաշնագրերու հիման վրայ, եւ Արցախի հիմնախնդրի լուծում՝ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պահպանման սկզբունքին հիման վրայ: Թրքական կողմը, հետեւաբար, ճշդած էր իր ռազմավարութիւնը համակարգելով ներազգային ճակատի, դիւանագիտական բանակցութիւններու եւ Ատրպէյճանի հետ կապերու եռամակարդակ նախաձեռնութիւնները, կատարելով համապատասխան դերաբաշխում Նախագահին, Վարչապետին եւ Արտաքին Գործոց Նախարարին միջեւ, եւ մինչեւ իսկ որոշելով այն բառամթերքն ու բանաձեւումները, որոնք անհրաժեշտ էին իւրաքանչիւր մակարդակի համար:
Նոյնը կարելի չէ ըսել Սարգսեանի կառավարութեան պարագային:
Ծանօթ է, որ հայութեան իրաւունքներու զիջումի գինով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման գերպետական ծրագիր մը, որ շատ հաւանաբար մշակուած է ԱՄՆի Պետական Քարտուղարութեան կողմէ, 21րդ դարասկիզբէն արդէն կար, եւ առաջին անգամ բացայատուեցաւ այսպէս կոչուած Հայ-Թրքական Հաշտեցման Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ: Այս վերջինին ձախողութիւնը եկաւ ցոյց տալու, որ օրուան իշխանութիւնները, այսինքն՝ Քոչարեանի կառավարութիւնը, պատրաստ չէր վճարելու այն գինը որ հայ-թրքական սահմանի բացումը կը պահանջէր: Ի դէպ, այդ գինը կ՛ընդգրկէր նաեւ Սփիւռքին անտեսումը եւ Կոալիցիոն կառավարութենէն ՀՅ Դաշնակցութեան հրաժարումը: Ռոպերթ Քոչարեան, ուրեմն, ե՛ւ սկզբունքային հիման վրայ, ե՛ւ քաղաքական նկատառումներով, մերժեց փրոթոքոլներու տեսքով ամէն փաստաթուղթ: Դժբախտաբար, սակայն, ան՝ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ իր նախորդին օրով բանաձեւուած Թուրքիոյ հետ «առանց նախապայմանի յարաբերութիւններ»ու ուղղուածութեան թակարդին չանդրադարձաւ, կամ ալ չկարողացաւ/չուզեց այն չէզոքացնել:
Այդ թակարդին մէջ, ահաւասիկ, կամովին ինկաւ Սերժ Սարգսեան: Յունիս 2008ին Մոսկուայի մէջ իր կատարած զիջումի պատրաստակամութեան առաջին ժեսթը, ընդ որում կը խոստանար ընդառաջել Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը քննարկելու թրքական մէկ նախապայմանին, թերեւս անակնկալ եղաւ: Բայց երբ այն արդէն վերաճեցաւ «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» յայտնի եղաւ, որ Մարտ 1, 2ի արիւնալի դէպքերէն յետոյ ներքնապէս տկարացած եւ իր օրինականութիւնը ամէն օր փողոցին մէջ մարտահրաւէրի ենթարկուելու ականատես Նախագահ մը Ուաշինկթընի, Պրիւքսէլի եւ Մոսկուայի մէջ զօրակցութիւն փնտռելու ելած է: «Առանց նախապայմաններ»ու թակարդը արդէն անխուսափելի դարձաւ 2008ի Օգոստոսի ռուս-վրացական պատերազմէն յետոյ ստեղծուած պայմաններուն մէջ, որոնք փոխանակ Հայաստանի իշխանութիւններուն մղելու, որ ներազգային ճակատը ամրապնդեն, ընդհակառակը կարծես աւելի համոզեցին որ լուծումը «ֆութպոլային դիւանագիտութիւն»ն էր: Ի տարբերութիւն Քոչարեանի, Սարգսեան այնքան ալ հոգ չըրաւ Կոալիցիոնի մէկ դաշնակիցի կորուստով, իսկ Սփիւռքի հակազդեցութեան մասին հազիւ թէ մտածեց:
Սարգսեան-Նալպանտեան եւ այն քանի մը հոգին, որոնք փրոթոքոլներու գործընթացով զբաղեցան, կարծես այն համոզումը ունէին, որ մինչ արտաքին ճակատին վրայ կրնային համաձայնագրի իրենց ուզած տարբերակին հասնիլ, հիմնական ռազմավարութիւնը ներազգային ճակատի վրայ հանրային յարաբերութեանց ուժ տալն էր: Ընդ որում, առնուազն սկզբնական շրջանին Հայաստանի հասարակութեան մէկ կարեւոր հատուածին կրցան համոզել, որ սահմանները պիտի բացուին եւ իրենց տնտեսական կացութիւնը մէկ օրէն միւսը պիտի բարելաւուի: Այդ մէկը իրենց, պարզ է, չյաջողեցաւ Սփիւռքի պարագային ուր, ի վերջոյ, սահմանափակուեցան քանի մը հանրածանօթ անձնաւորութիւններու զօրակցութեամբ, եւ իրենց մօտ բերին քանի մը վարձկաններ, որոնց միջոցաւ փորձեցին, ի զուր, նոյն այդ հանրային յարաբերութիւններու ռազմավարութեան դիմել:
Համաձայնագրի ստորագրութենէն անմիջապէս ետք, առանց ժամանակ կորսնցնելու, թրքական կողմը անցաւ յարձակողականի՝ որպէս թիրախ ընտրելով այն ինչ Հայաստանի իշխանութիւնները թերեւս ամենէն աւելի կ՛ուզէին պահել՝ Արցախի հիմնախնդիր: Նման քայլի, անշուշտ, կը դիմէին համոզուած ըլլալով որ միւս երկու նախապայմանները՝ Ցեղասպանութեան հարցի յանձնաժողովային քննարկում եւ Կարսի դաշնագրի ընդունում արդէն իրականացած էին: Փաստօրէն, Կիւլի հրապարակային դիմումը՝ յանձնաժողովի կազմութեան հրաւէրով, բայց մանաւանդ Տավութօղլուի ելոյթը Թուրքիոյ Ազգային ժողովին առաջ եւ բացայայտ յայտարարութիւնը, որ համաձայնագիրը փաստ է որ Հայաստանի իշխանութիւնները արդէն ընդունած են Կարսի պայմանագիրը շատ թոյլ, աննշան հակազդեցութիւն առաջացուցին Երեւանի կողմէ: Աւելի՛ն, Ցեղասպանութիւնը չմոռնալու երդում-պատառ եղող իշխանախաւը այսօր տակաւին թոյլատու է Հայաստանի մէջ յղացքը չակերտաւոր գործածելու, չ՛ընդառաջեր Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժող օրէնքներու խստացման նախաձեռնութիւններուն, իսկ իր դիւանագիտական ներկայացուցիչները ձեռնածալ նստած են եւ չեն հակազդեր, երբ, օրինակի համար, միջազգային մամուլին մէջ համաձայնագրի հիման վրայ Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը արդէն կը ներկայացուի որպէս քննարկելի հարց…
Հայաստանի իշխանախաւն ու անոր դաշնակից բիզնէս դասակարգը կ՛ուզեն համաձայնագիրը վաւերացնել, որովհետեւ համոզուած են որ առաջնահերթայինը երկու երկիրներու միջեւ առեւտուրի զարգացմամբ Հայաստանի Հում Արտադրութեան երեքէն չորս տոկոսի աճն է՝ որով եւ ամէն հարցերը կը լուծուին: Եւ եթէ Ազգային ժողովէն ներս քուէարկութիւնը ձայներու պարզ հաշիւ է այդ մէկը կրնան ընել, որովհետեւ բացարձակ մեծամասնութիւն են Կոալիցիոնի մաս կազմող քաղաքական ուժերու պատգամաւորները: Հարցը, սակայն, հիմնականին մէջ Արցախի հիմնախնդրով թրքական ճնշումներուն դէմ երաշխիքի ապահովումն է:
Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Լավրովի Հայաստան այցն ու կատարած յայտարարութիւնները, ուր Մոսկուա յստակօրէն կ՛անջատէ հայ-թրքական համաձայնագիրն ու Արցախի հիմնախնդիրը, այդ մասին Փութինի կեցուածքը Էրտողանի հետ իր ունեցած հանդիպումէն յետոյ, կը թուի թէ այդ երաշխիքը կու տայ: Բնականաբար, այլ ընկալում մը ռուսական այս կեցուածքին բացայայտ կը դարձնէ մէկ կողմէ, որ Մոսկուա կը ներկայանայ Կովկասի մէջ հեգեմոնի դերի պահպանման հաստատակամութեամբ, միւս կողմէ ալ ցոյց կու տայ, որ իսկապէս չէ հետաքրքրուած հայ-թրքական յարաբերութիւններու մէջ Ցեղասպանութեան գործօնով, առաւել ՆՈՒԱԶ՝ սահմաններու փոփոխութեան հարցով: Պետական Քարտուղարութեան զօրակցութիւնն ալ Սահմանադրական դատարանի որոշումին երկսայրի սուր է. եթէ մէկ կողմէ պատասխան է թրքական հակազդեցութեան, եւ ուրեմն՝ զօրակցութիւն Հայաստանի, միւս կողմէ սակայն Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն լուռ պատգամ մըն է, որ «բարի» կենան եւ փաստաթուղթը վաւերացնեն առանց սահմանափակումներ դնելու անոր վրայ:
Հայաստան եւ Թուրքիա, ըստ երեւոյթին, մտած են «չիքըն կէյմ»ի նման հակամարտութեան մը, որով եւ համաձայնագրէն առաջին դուրս ելլողը կը պարտուի ի դէմս միջազգային հանրային կարծիքին առջեւ իր վարքի անկումին: Անգարա, ուրեմն, պիտի շարունակէ ճնշում բանեցնել Արցախի հիմնախնդրով առանց համաձայնագրէն հրաժարելու, բայց նաեւ առանց այն Ազգային ժողով ներկայացնելու: Հայաստանի պարագային ոչ թէ պէտք է սպասէ որ Թուրքիան վաւերացման քայլին դիմէ, այլ՝ փաստաթուղթին վրայ դրուին այնպիսի պարտաւորումներ, որ ցանկացած իշխանութիւն այն իրականացնելու պահուն իսկապէս սահմանափակուի առանց պայմաններու յարաբերութիւններու հաստատումով: