ՊԱՔՈՒ.- Թուրքիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ, Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Շիւքրիւ Էլեքտաղ «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումէն ետք Թուրքիոյ խորհրդարանը պիտի չվաւերացնէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները։
Ըստ անոր, Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումին մէջ գտնուող մեկնաբանութիւնները կը մատնանշեն հիմնախնդիրները, որոնք պիտի ծագին երկու երկիրներուն միջեւ քննարկումներու ընթացքին։
«Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումը կարդալով՝ կը տեսնենք, որ անոնց համար Կարսի եւ Մոսկուայի պայմանագրերը նշանակութիւն չունին։ Երկրորդ՝ Հայաստան չի դադրիր աշխարհին ապացուցելէ, թէ 1915ին Թուրքիոյ մէջ Հայկական Ցեղասպանութիւն եղած է։ Երրորդ՝ արձանագրութիւններով նախատեսուած պատմական յանձնախումբը իրաւունք չունի ուսումնասիրելու 1915ի իրադարձութիւնները։ Չորրորդ՝ Հայաստանը Թուրքիոյ արեւելեան շրջանները կ՛անուանէ Արեւմտեան Հայաստան։ Հինգերորդ՝ կարծիք կայ, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելը ոչ մէկ կապ ունի ղարաբաղեան հիմնախնդիրին հետ։ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները բաց են մեկնաբանութիւններու համար», ըսաւ Էլեքտաղ։
Ան միաժամանակ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներւ իշխանութիւնները չեն կիսեր Թուրքիոյ մտահոգութիւնները։ Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին հետ հանդիպման ընթացքին ան հարցուցած է, թէ ի՞նչ կարծիք ունին Ուաշինկթընի իրաւաբանները այդ հարցին վերաբերեալ։ «Դեսպանը ինծի պատասխանեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ոչ մէկ կասկած ունի այդ հարցին գծով։ Այսինքն, անոնք ոչ մէկ հակասութիւն կը տեսնեն Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշման եւ արձանագրութիւններու էութեան միջեւ։ Կը ստեղծուի փակուղային իրավիճակ։ Բան մը եւս կայ. Հայաստանի Սահմանադրութեան 102րդ յօդուածի համաձայն, Սահմանադրական դատարանի որոշումը պարտադիր է եւ փոփոխման ենթակայ չէ։ Հաւանաբար, Հայաստանի ղեկավարութիւն՝ ստիպելով Սահմանադրական դատարանին, որ նման վճիռ արձակէ՝ իրեն առջեւ պատ շարած է։ Անոնք ընտրած են այդ ճանապարհը՝ Թուրքիոյ վրայ ճնշում գործադրելու համար։ Մարտին, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի (Ներկայացուցիչներու տան) Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ պիտի քննուի Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւը։ Թուրքիան պիտի խնդրէ Միացեալ Նահանգներէն կանխել ատիկա, ինչին պիտի պատասխանեն՝ «վաւերացուցէք արձանագրութիւնները»։ Ինչպէս կը տեսնէք, թուրք բանակցողները եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն ձախողած են գործին մէջ։ Մինչեւ փաստաթուղթը ստորագրելը հարկ էր հարցնել Հայաստանին՝ ուժի մէ՞ջ են ձեր Սահմանադրութիւնն ու Անկախութեան մասին հռչակագիրի յօդուածները։ Նախ՝ Հայաստանը երբեք չի հրաժարիր Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացէն, եւ պիտի շարունակէ պայքարը։ Երկրորդ՝ պիտի շարունակէ հաւակնութիւններ ունենալ Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններու նկատմամբ։ Զարմանալի է, թէ ինչո՞ւ թուրք բանակցողները այդ մասին չեն հարցուցած հայերուն։ Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կախեալ էր ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծումէն, աւելի ճիշդ՝ «հայերու կողմէ գրաւուած» տարածքներու ազատագրումէն», պնդեց Էլեքտաղ։
Ըստ անոր, իւրաքանչիւր բանական մարդ կը հասկնայ, թէ Հայաստանը Ռուսիոյ վերջին ամրոցն է Կովկասի մէջ։ Եթէ հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորուին, ապա Հայաստան Թուրքիոյ միջոցով կը համարկուի համաշխարհային հանրութեան մէջ, ինչ որ պիտի նշանակէ՝ ձերբազատուիլ ռուսական ազդեցութենէն։ Այդ պատճառով, ըստ անոր, ո՛չ Հայաստանին, ո՛չ ալ Ռուսիոյ ձեռնտու է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը։