ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Այսօր, Հայաստանի Ազգային ժողովի (ԱԺ) արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը պիտի սկսի քննարկելու հայ-թրքական արձանագրութիւններու փաթեթը: Քննարկումը, որ այս հանգրուանին կը բնութագրուի իբրեւ նախնական, կը նպատակադրէ յստակացնել արձանագրութիւններու հետագայ առաւել հանգամանաւոր քննարկման ձեւաչափը (ֆորմաթ):
Հայ-թրքական արձանագրութիւնները Ազգային ժողով ուղարկուած են փաթեթով, որուն մէջ կան տեղեկանքներ արդարադատութեան եւ ֆինանսներու նախարարութիւններէն, կայ Սահմանադրական դատարանի որոշումը. արտաքին գործերու նախարարութեան կողմէ ՀՅԴին խոստացուած տեղեկանքները չկան: Արձանագրութիւնները խորհրդարան ներկայացուած են առանց վերապահումներու:
Երէկ՝ Հինգշաբթի, Փետրուար 18ին, Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, «Տուպլեքս» մամուլի ակումբի մէջ ունեցած ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, թէ իր գլխաւորած յանձնաժողովը ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեանին պիտի դիմէ, որպէսզի արձանագրութիւններու քննարկումը խորհրդարանին մէջ տեղի ունենայ միայն յանձնաժողովի եզրակացութենէն ետք:
Պաշտօնական տեսակէտն այն է, որ արձանագրութիւնները պէտք է վաւերացուին այն տեսքով, ինչպէս որ ներկայացուած են խորհրդարանին: Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարած է, որ արձանագրութիւնները պէտք է վաւերացնել միայն Թուրքիոյ կողմէ վաւերացումէն ետք: Սակայն Ա. Ռուստամեան անընդունելի կը նկատէ նախագահի այն յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիոյ վաւերացման պարագային, ինք կ՛երաշխաւորէ խորհրդարանական մեծամասնութեան կողմէ արձանագրութիւններու վաւերացումը:
«Համարում եմ, որ դա ընդհանրապէս չի նպաստում մեր երկրի հեղինակութեանը: Ի՞նչ է նշանակում երաշխաւորել օրէնսդիր մարմնում գործընթացները: Ժողովրդավարութեան ձգտող երկիր ենք մենք, իշխանութիւնները տարանջատուած են: Սա պարզապէս չի բխում Երեւանի կողմից մշակուող «ելքի ռազմավարութիւն»ից, որի նպատակն է փոփոխութիւն մտցնել «միջազգային պայմանագրերի մասին» ՀՀ օրէնքում, եւ հնարաւորութեան դէպքում՝ յետ կանչել ստորագրութիւնը», յայտնեց Ռուստամեան:
Աւելին, դաշնակցական գործիչը կը գտնէ, որ Ազգային ժողովը այդ «ելքի ռազմավարութեան» մշակման գործին մասնակցութիւն պէտք է բերէ: Այդ նպատակով, ՀՅԴ խմբակցութիւնը շրջանառութեան մէջ դրած է օրինագիծ մը, որ նաեւ ԱԺին հնարաւորութիւն կու տայ չեղեալ համարելու որեւէ միջազգային պայմանագիր: Օրէնքով պէտք է կարգաւորուին նաեւ այն դէպքերը, երբ Հայաստանի հանրապետութիւնը պարտադիր կերպով վերապահումներ պէտք է կատարէ:
ՀՅԴ խմբակցութիւնը պիտի ներկայացնէ այն վերապահումները, որոնք պէտք է կատարուին արձանագրութիւններուն մէջ, որովհետեւ անոնք իրենց ներկայ տեսքով անընդունելի են ու կը վտանգեն երկրի ապագան:
«Բայց մենք նաեւ տեսնում ենք հնարաւորութիւն՝ վերապահումների միջոցով շտկել արձանագրութիւններում եղած թերութիւնները, չէզոքացնել վտանգները: Այսինքն, մենք կողմ կը լինենք արձանագրութիւնների վաւերացմանը՝ համապատասխան վերապահումներով, որոնք համահունչ կը լինեն ՍԴ իրաւական դիրքորոշմանը: Եթէ վերապահումներ չարուեն, Դաշնակցութիւնն առաջարկելու է յետ տանել արձանագրութիւնները եւ վերապահումներով ուղարկել Ազգային ժողով», յայտնեց Ռուստամեան:
Անդրանիկի ծննդյան oրվան եւ հիշատակին վայել մի արձանագրութիւն:
Antrank’e -yerp kani me dari aratch Père La Chaiseen Paris -(néiga éi) ge ezkayi te anarjek martadiber zink bidi vargapen ou khatchen
turkine hed antsnadevoutyan “tachink” esdorarkerlov.!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!!……………………..
Zitchetsek amen intch patsi mer sireli herossgan artsakhèn
Mez aynkan kich e mnatsel!
Aynkan kich!
Zitchelu el tegh chka!
Etevum mer hatik tunn e! U mi bur erekhaner!
Chpetk e zitchenk (manavand “amen inch”): Asa mi azg vor zitchum a ir tunn-u-tegh@ harevanin. Ete menk urishits lav chenk, apa’ hastat, urishits vat el chenk.
abriss loussig harazad hayou voki
intch al ella turkèn hazar ankam medz yenk ou medzakouy’n’e
hanoun hayvanaked dzarouguine échoun neman
abriss loussig harazad hayou voki
intch al ella turkèn hazar ankam medz yenk ou medzakouy’n’e
hanoun hayvanaked dzarouguine échoun neman
YOU ARE A BIG LIER