Ինչպէս ծանօթ է, Ազգ. առաջնորդարանի Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան մէջ, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան տնօրինումով, իւրաքանչիւր ամսուան առաջին Շաբաթ երեկոյեան տեղի կ՛ունենայ Ս. պատարագ կամ եկեղեցական արարողութիւն, ի հոգեւոր սպասարկութիւն մեր նոր սերունդին ու հաւատացեալ ժողովուրդին։ Շաբաթ, Փետրուար 6ի երեկոյեան, Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց առաջնորդարանի մատրան մէջ, իսկ երգեցողութիւնը կատարեցին առաջնորդարանի «Լուսաւորի»չ Երիտասարդաց երգչախումբի անդամներ։ Ներկայ էին խորհրդատան բարերարները՝ Յովսէփ եւ Էլօ Պոյաճեան եւ ընտանիքի անդամները, ինչպէս նաեւ առաջնորդին Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան ընթրիքի գլխաւոր հովանաւորները՝ Չափարեան եւ Հացպանեան ընտանիքները։
Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ մատրան կողքին գտնուող խորհրդատան բացումն ու օրհնութիւնը, ձեռամբ՝ առաջնորդ սրբազանին, որ վեր առաւ բարերարին՝ Յովսէփ Պոյաճեանի, նուիրեալ ծառայութիւնները Ազգ. առաջնորդարանիս ու մեր եկեղեցիներուն. արդարեւ, ան անդամ է առաջնորդարանի Շէնքի յաձնախումբին, անոր ծառայութիւնները ի սպաս դրուած են նաեւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ու Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին։ Անոր նուիրաբերումը տարածուած է նմանապէս հայկական միութիւններու։
Յաւարտ Ս. պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի յիշատակ Պոյաճեան, Չափարեան եւ Հացպանեան ընտանիքներու ծնողներուն եւ հանգուցեալ հարազատներուն։