ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւունքներ, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքներ ոտնակոխող իրենց իւրաքանչիւր քայլը՝ իրենց կողմէ իրենց տրուած յարատեւ զոհի վահանով պաշտպանող եւ արդարացնել փորձող իսրայէլեան իշխանութիւնները, վերջին քանի մը օրերուն դարձած են իրենց հաւատարիմ պաշտպաններուն իսկ քննադատութեանց առարկան:
Արդարեւ, Բրիտանիա զայրացած է, որ իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւնը՝ «Մոսատ»ը, պաղեստինցի ղեկավարներու իր հերթական «մաքրագործումին» համար շահագործած է 11 անգլիացիներու եւ իրլանտացիներու ինքնութիւնները՝ Տուպայ թափանցելու եւ այս քաղաքին պանդոկներէն մէկուն մէջ պաղեստինեան «Համաս» շարժումին բարձրաստիճան ղեկավար մը սպաննելու համար:
Ահաբեկչական արարքին մասին հարցումներու պատասխանելով՝ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպերման Չորեքշաբթի օր յայտնած էր. «Իսրայէլ երբեք չի պատասխաներ, երբեք չի հաստատեր ու երբեք չի հերքեր», դարձեալ հաստատելով այն իրողութիւնը, որ իսրայէլացիք իրենք զիրենք ընտրեալ ժողովուրդ մը նկատելով՝ համոզուած են, թէ պարտաւոր չեն իրենց գործունէութիւնը համակարգելու միջազգային օրէնքներու, ՄԱԿի բանաձեւերու եւ մարդկային տարրական իրաւունքներ «սահմանափակող» պայմաններով:
Hayeren lezoun ge badgani amenoun
sagayn loussartsag khorakir’e imess e
yergar aden trochag barzadz yem
te Beyrouthi Aztag’ine te Parisi Gamkine metch
Hagopi orov
sagayn hazar apssos hayeren gartatsogh tchi ga
krogh al tchi ga yegher
yess yete badahi vor krogh me haydnevi dzagèn dzougèn
moukh’e ge maren
ayl yevess mi krer g’essèn amenaked ” zevaragner’e hayots achkharh”
ou megal’e ge haydevi ir opus’ov vor gartatsvelik votchintch ga metch’e
yete nouyn isg “machdotsov” badvevadz e
amenoun medal ge pajnen chocolati doupi neman
mitch ayt amen intch ge nahantch i kicherine yev i douintchyan