ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան երիտասարդական համախմբումը կը տեղեկացնէ, թէ Քուէյթի «Լոսան» երիտասարդական կազմակերպութեան կեդրոնին մէջ ատրպեճանական «Արդարութիւն Խոջալուի» արշաւին մէկ ձեռնարկը կատարուած է։
Կազմակերպութիւններ, ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր տեղեակ պահուած են Խոջալուի «ողբերգութենէն»: Նաեւ, «Խոջալու մանուկներու տեսանկիւնէն» խորագիրը կրող լուսանկարներու ցուցադրութիւն մը տեղի ունեցած է։
Ներկայացման աւարտին, մասնակիցները դիմումնագիր մը ստորագրած են՝ միջազգային համայնքին կոչ ուղղելով Խոջալուի դէպքերուն պատշաճ գնահատական մը տալու։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուած է նաեւ Քուէյթի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Շահին Ապտուլայեւ։
Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հակահայ նախաձեռնութեանց մաս կազմող նման ձեռնարկներ կը կազմակերպուին Եւրոպայի տարածքին, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներու մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.