ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, Փետրուար 17ի առաւօտուն, Տէր Զօրի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Սուրէն Վարդանեանը այցելեց Անթիլիասի մայրավանք:
Հիւպատոսը իր յարգանքն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին, հիւպատոսարանի բացման պաշտօնական հանդիսութեան առիթով՝ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի միջոցաւ անոր յղած շնորհաւորութիւններուն համար:
Պատուոյ հիւպատոսին կ՛ընկերանար եղբայրը՝ Յարութ Վարդանեանը, որ Տէր Զօրի Նահատակաց մատրան թաղականութեան ատենապետն է, ինչպէս նաեւ անդամ՝ վեհափառ հայրապետին կողմէ նշանակուած Տէր Զօրի Յուշահամալիրի Կեդրոնական յանձնախումբին:
Յայտնենք, որ անցեալ շաբաթ պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Տէր Զօրի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան պատուոյ առաջին հիւպատոսութեան, որուն, յանուն վեհափառին՝ մասնակից դարձած էր Բերիոյ թեմի առաջնորդ սրբազանը, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն ու Սուրիոյ զանազան շրջաններէ պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.