ՊԱՂՏԱՏ.- Իրաքի մէջ գործող բոլոր եկեղեցիներու պետերուն գործակցութեամբ, Պաղտատի Ս. Կարապետ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մէջ Փետրուար 9ին տեղի ունեցած ժողովի մը ընթացքին, որոշուած է Իրաքի քրիստոնեայ եկեղեցիներու պետերու խորհուրդ մը գոյացնել՝ պաշտպանելու համար քրիստոնեայ համայնքին շահերը:
Ժողովին ներկայ եղած են Իրաքի մէջ գործող 14 եկեղեցիներու ներկայացուցիչները: Ընթացքին նաեւ որոշուած է կազմել վեց հոգինոց գործադիր մարմին մը, որուն ընդհանուր քարտուղարը միաձայնութեամբ ընտրուած է Իրաքի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.