ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին, Չորեքշաբթի, Փետրուար 24ին տեղի պիտի ունենայ ընթրիք-զրոյց մը՝ իրաւաբան Կարօ Ղազարեանի մասնակցութեամբ, քննելու համար ոստիկաններու վարուելակերպին եւ ոստիկանական անկարգութեանց վերաբերող հարցեր:
Քաղաքային իրաւանց պաշտպան Կարօ Ղազարեանը վարիչն է Լոս Անճելըսի Իրաւաբանութեան ժողովրդային համալսարանին:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի «Ֆրեսքօ» ճաշարանին մէջ (514 S. Brand Blvd.), երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ: Մուտքի սակը 35 տոլար է: Տեղեր ապահովելու համար դիմել (818) 243-3444 թիւին կամ jacklin@ancglendale.org հասցէին, կամ այցելել Itsmyseat.com համացանցային կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.