Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2010ին Ֆերահեան Ազգային Վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմնի նախաձեռնած ուսուցիչներու մասնագիտական վերապատրաստութեան միօրեայ սեմինարը։
Խնամակալ Մարմնի հրաւէրին ընդառաջելով Ազգային Վարժարաններուն եւ Մանկամսուրներուն կողքին սեմինարին կը մասնակցէին նաեւ Մխիթարեան Հայրերու, ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարաններու եւ Դաւթեան Մարիամեան Կրթական Հաստատութեան ուսուցչական կազմերը եւ ներկայացուցիչները։ Սեմինարին մասնակցող կրթական մշակներուն ընդհանուր թիւը կը հասնէր 190ի։
Խնամակալ Մարմնի վարիչ գործավար Յովան Թաշճեան կատարեց սեմինարին բացումը։ Ամերիկեան եւ հայկական հաւատարմութեան ուխտերէն ետք Խնամակալ Մարմնի անդամ Մակի Սարգունի բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն եւ անդրադարձաւ նման սեմինարներու կարեւորութեան եւ կրթական մշակներու կատարած գնահատելի աշխատանքին։ Ան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային վարժարաններու Կրթական խորհրդատուներուն, որոնք աջակցեցան Խնամակալ Մարմնի պաշտօնէութեան, կազմակերպելու համար սեմինարը։
Այնուհետեւ Խնամակալ Մարմնի անդամ օր. Շարլօթ Սասունեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան ծրագիրը եւ յատկապէս շնորհակալութեան խօսք ուղղեց օրուան դասախօսներուն եւ նիստերը վարող ու համադրող պատասխանատուներուն։
Օրուան ծրագիրը բաժնուած էր երկու մասերու։ Առաւօտեան դասախօսութեան ներկայ էին բոլոր մասնակիցները։ Lewis Brisbois Bisgaard & Smith իրաւաբան գրասենեակէն Էրիք Էրիքսըն եւ Ռէյչըլ Լի սեռային ճնշումի մասին )Sexual Harassment( կատարեցին դասախօսական յատուկ ներկայացում մը։ Ուսումնական հաստատութիւններու եւ ընդհանրապէս բոլոր գործի հիմնարկներուն համար օրէնքով նախատեսուած է որ երկու տարին անգամ մը կատարուի այս նիւթին մասին յատուկ վարժողական ծրագիր եւ դասախօսութիւն։ Անոնք կենդանի օրինակներով եւ լայնօրէն անդրադարձան սեռային ճնշումի գծով Քալիֆորնիա նահանգի օրէնքներուն, աշխատանքի միջավայրին մէջ նման ճնշումներու կանխարգիլման, սրբագրաման, տրամադրելի միջոցներուն, եւ տնօրէններու եւ վերահսկող վարչական պատասխանատուներուն վերապահուած պատասխանատուութեան։
Ճաշի դադարէն ետք՝ երկրորդ պահուն ընթացքին ներկայացուեցան երեք աշխատանիստեր։
ա.– Կորուստ, մահուան, ամուսնալուծման եւ բաժանումի մասին )Loss/Death/Divorce/Separation( մասին խօսեցաւ Ռէյչըլ Ղուկասեան։
բ.- Աշակերտներուն մօտ ֆիզիքական ճնշումի կանխարգիլման )Anti-Bullying( մասին խօսեցաւ Լարա Չուլաքեան։
գ.- Ալքհոլի եւ թմրեցուցիչներու օգտագործման կանխարգիլման )Alcohol And Drug Use( մասին խօսեցաւ Սէնտի Պետրոսեան։
Խնամակալ Մարմնին կողմէ կազմակերպուող միօրեայ այս սեմինարը եզակի առիթ մըն է համախմբելու գաղութիս կրթական մշակները եւ տրուած աշխատանիստերուն կողքին, այս սեմինարը առիթ մը կ՛ընծայէ անոնց փոխադարձ ծանօթութեան, փոխադարձ ճանաչողութեան եւ իրենց ձեռք բերած հարուստ փորձառութեան փոխանակման։
Սեմինարի մասնակիցներուն կողմէ կատարուած գնահատելի ու դրական արժեւորումը կը հաստատէ, որ նման սեմինարները ինչքան արհրաժեշտ են, ու Խնամակալ Մարմինը կը դնեն յաւելեալ յանձնառութեան տակ՝ բազմապատկելու ու աւելի յաճախակի դարձնելու համար մեր կրթական մշակներու մասնագիտական վերապատրաստութեան գծով տարուող աշխատանքները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.