ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին Քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի նախնական ընտրութիւններուն նեցուկ կանգնելու Տէնի Թարխանեանին, որ Նեւատայի մէջ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուներէն մէկն է:
Նախնական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Յունիս 8ին:

«Թարխանեան տաղանդաւոր եւ նուիրուած հանրային գործիչ մըն է, Հանրապետական կուսակցութեան ազդու ներկայացուցիչներէն մէկն է եւ հպարտ զաւակն է ամերիկահայ համայնքին», կը յայտնէ Քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբի ատենապետ Արմէն Մարթին: «Իւրաքանչիւր հայու քուէ պիտի նպաստէ Թարխանեանը Ծերակոյտի առաջին հայազգի անդամը դարձնելու նպատակին», կ՛աւելցնէ ան:
Տէնի Թարխանեան, որ աւարտած է Սան Տիէկոյի իրաւաբանական համալսարանը, յաջողակ գործարար մըն է եւ նուիրուած ամուսին մը ու հայր մը: Իր կնոջ՝ Էյմիին, եւ չորս զաւակներուն հետ, ան հաստատուած է Լաս Վեկաս: Ան զաւակն է համալսարանական պասքեթպոլի հռչակաւոր մարզիչ Ճէրի Թարխանեանի ու յարգուած ուսուցչուհի Լուիս Հանթըր-Թարխանեանի, որ նաեւ Լաս Վեկասի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ է ու 12 յաջորդական տարիներ ընտրուած է Քլարք գաւառի կրթաշրջանի վարչութեան անդամ:
«Հպարտ եմ, որ ամերիկահայ առաջատար կազմակերպութիւն մը՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին Քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբը, որոշած է նեցուկ կանգնիլ ընտրապայքարիս: Այդ կազմակերպութիւնը արդէն իսկ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն դառնալու իմ աշխատանքներուս», կ՛ըսէ Թարխանեան՝ աւելցնելով, որ պատրաստ է մօտէն գործակցելու Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ, ամերիկահայութիւնը մտահոգող հարցերը առաջ մղելու համար, սկսելով Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի վաւերացումէն, հասնելով մինչեւ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի համար յաւելեալ օժանդակութիւն ապահովելու, եւ ձախողութեան մատնելու Հայաստանի վրայ Ուաշինկթընի կողմէ պարտադրուող Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները:
Թարխանեանի ընտրապայքարին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ անոր օժանդակելու համար այցելել www.tark2010.org համացանցային կայքը: