Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Նախորդ երկու շաբաթներու թիւերով մենք անդրադարձանք կանանց մօտ յաճախակի կերպով զարգացող հիւանդութիւններու՝ սրտի անհանգստութիւններու եւ քաղցկեղի, զորս կարելի է շուտ անդրադառնալով կամ կանխարգիլման միջոցներով սանձել։
Այսօրուան թիւով կը բացատրենք ոսկորներու նոսրութեան (Osteoporosis) պարագան կիներու մօտ։ Կորաքամակ մէջքեր, ցաւոտ ողնայար եւ նման ոսկորային ցաւեր յաճախ կը նկատուին տարիքոտ կանանց մօտ։ Այժմ բարեբախտաբար գոյութիւն ունին այնպիսի միջոցներ, որոնցմով կարելի է կանխել այս անհանգստութիւնը, որ կը սպառնայ կիներու մեծամասնութեան՝ յառաջացած տարիքի։ Ամերիկայի տարածքին 44 միլիոն մարդ կը տառապի այս անհանգստութեամբ։ Հիւանդներուն 68 տոկոսը կին է։ Հիմնական բարեբախտութիւնը կը կայանայ կանխարգիլման միջոցներու գոյութեան մէջ։ Այն սովորութիւնները ու վարժութիւնները, զորս կիները ձեռք ձգած են մանկութեան կամ նոյնիսկ երիտասարդութեան եւ իրենց չափահասութեան առաջին տարիներուն, իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան այս հիւանդութեան զարգացման վրայ։ Մարմինի ոսկորներու կազմութեան հիմնական շրջանը կը համարուի առաջին 30 տարիները։ Ապա կը դադրի նոր ոսկորներու կազմութիւնը եւ մարմինը առաւելաբար կը զբաղի հին ոսկորներու նորոգութեամբ։ Բայց որեւէ տարիքի ալ ուշ չէ ոսկորներու առողջութեան պահպանումը։ Մարմինը անպայման ամէն ջանք պիտի թափէ՝ պահպանելու համար ոսկորները ճեղքերէ կամ կոտրուածքներէ, սակայն մենք անձամբ պէտք է օժտենք մարմինը պայքարելու այդ անհրաժեշտ իրերով, ինչպէս՝ բաւարար քանակի քալսիոմով կամ մարմինի ծանրութեան համապատասխան մարզանքներով։
Տեսնենք, թէ ի՞նչ ազդակներ կրնան նպաստել ոսկորներու նոսրացման.
1. Տարիքի յառաջացում
2. Բարակ եւ պզտիկ ոսկորներ
3. Ցեղական յատկանիշներ. ճերմակամորթ եւ դեղին ցեղի պատկանող կանայք աւելի շատ յակամետ են այս հիւանդութեան
4. Ընտանեկան-ժառանգական պարագաներ
5. Սեռային հորմոններ. խանգարուած դաշտանի շրջանը կամ կանախահաս դաշտանը կը նպաստէ այս հիւանդութեան արագ զարգացման
6. Չափազանց նիհարութիւն
7. Անբաւարար քալսիոմով ու D կենսանիւթով սննդականոնը
8. Ծխախոտ
9. Չափազանցուած ալքոլ
10. Անշարժ կենցաղ
Այս ըսելով կարելի է ուրեմն որոշ բաներ զեղչել եւ նուազեցնել՝ աւելի ապահով ըլլալու համար։ Անպայման խօսեցէք ձեր բժիշկին հետ, բաժնեցէք ձեր մտահոգութիւնները անոր հետ։ Այդ ձեւով կրնանք աւելի դիւրութեամբ կանխարգիլել այն բարդութիւնները, որոնք կուտակուելով կը դառնան անլուծելի։
—————————————————————————————————————————————————————————
Ինչպէ՞ս Կարելի Է Ընթերցանութիւնը Վերածել Հաճոյքի Եւ Զուարճութեան
* Կազմակերպեցէք գիրքերու փոխանակման հաւաքոյթ մը: Հրաւիրեցէք ձեր երեխային ընկերները՝ խնդրելով իւրաքանչիւրէն (կամ իրենց ծնողներէն), որ իրեն հետ բերէ երեք կամ հինգ գիրքեր, զորս կ՛ուզէ փոխանակել: Ապա հաճոյքով դիտեցէք երեխաներու զուարճութիւնը փոխանակման արարողութեան ընթացքին: Ձեր կողմէ կրնաք յատուկ տոպրակներ հայթայթել անոնցմէ իւրաքանչիւրին:
* Լսա՞ծ էք «լսելի» գիրքերու մասին: Ստեղծեցէք ձեր լսելի գիրքը ձեր կարդացած պատմութիւնը ձայնագրելով ձայներիզի մը վրայ: Ձեր երեխան ալ մասնակից դարձուցէք այս «ստեղծագործութեան»՝ իր կողմէ կատարուած մէջբերումներով:
* Թոյլ տուէք, որ ձեր երեխան «գնէ» իր սիրած գիրքերը: Ձեր երեխային լաւ գործերը կարելի է պարգեւատրել գիրքերու համար փոքր գումարներով: Ամէն անգամ, երբ ձեր երեխան «հաւաքէ» որոշ գումար մը, միասին գացէք գրախանութ եւ թոյլ տուէք, որ այդ գումարով ինք գնէ իր նախասիրած գիրքը:
* Ձեր երեխային ամենաշատ սիրած գիրքին կողքը կամ գիրքին մէջ ամենաշատ սիրած նկարը անցուցէք շրջանակի մը մէջ եւ զայն կախեցէք իր ննջասենեակի պատին: Մի՛ մոռնաք զինք մասնակից դարձնել շրջանակի ընտրութեան, եւ կամ ընտրեցէք սպիտակ շրջանակ մը եւ թոյլատրեցէք, որ ինք զայն ներկէ իր ուզած գոյնով:
* Գիրքը վերածեցէք թատրոնի: Յատուկ տարազաւորումով, ձեր երեխան ու իր ընկերները վերածեծէք գիրքերէն մէկուն մէջի կերպարներուն, եւ պատմութիւնը «բեմականացուցէք»: Եթէ կրնաք «թատերախաղին» մասնակցեցէք նաեւ դուք:
* Ընթերցանութեան դաշտագնացութիւն: Պատրաստեցէք ձեր երեխային նախասիրած ուտելիքները եւ գիրքերը ու գացէք պտոյտի: Օրը անցուցէք գեղեցիկ պարտէզի մը մէջ կամ ծովեզերքը ընթերցանութեամբ:
* Մանկական նշանաւոր պատմուածքներուն մէջ յաճախ կարելի է հանդիպիլ իւրայատուկ ճաշատեսակի մը: Առիթը ստեղծեցէք եւ այդ ճաշատեսակներէն մէկը ձեր երեխային հետ պատրաստեցէք իրեն համար:
Անշուշտ մեր հեւքոտ առօրեային մէջ կարելի չէ ամէն օր այս բոլորը իրագործել: Շատ կարեւոր է սակայն երեխային մէջ սերմանել ընթերցասիրութիւնը եւ հետեւողական կերպով հսկել երեխայի հոգեմտաւոր աշխարհի զարգացման ընթացքը: