ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Եկեղեցւոյ հայրեր կազմած են արդէն առաքինութիւններու եւ մոլութիւններու ցուցակը, որ քրիստոնեայ մարդուն կեանքը հակակշռի տակ կ՛առնէ, ու կը զսպանակէ անոր անսանձելի ամէն զգացում: Քրիստոնեայ մարդուն կողմնացոյցը եւ հաւատքի ճանապարհին մէջ անոր ուղղութիւն տուողը Քրիստոս ի՛նք է: Ան կրնայ լուսաւորել միտքերը, բանալ սիրտերը, թափանցել մարդոց խորհուրդներուն, ինչպէս նաեւ մեղմել անոնց վրիժառութեան ձգտումները:
Առաքինութիւններու ցուցակին դիմաց դրուած հականիշները՝ մոլութիւնները, զուգահեռ բաղդատականներով, բարոյագիտական դասաւանդութիւն կը կատարեն՝ մարդը մղելով ինքնագիտակցութեան: Առհասարակ նման ցուցակներու մէջ, նախ սխալը կը դրուի, եւ ապա անոր դիմաց՝ ճիշդը: Այս պարագային Աստուած միշտ բարին, գեղեցիկը, ուղիղը ու լաւը կ՛ուզէ մեզի ցոյց տալ: Սակայն, իբրեւ զգուշացում, անոր հականիշը կը դնէ իւրաքանչիւրին դիմաց, որպէսզի ամէն ինչ շօշափելիօրէն քննել ուզող մարդ արարածը կարենայ իր աչքերով տեսնել ու դատել: Այսպէս՝ խոնարհութիւն՝ հպարտութիւն, եղբայրասիրութիւն՝ նախանձ, ու շարունակաբար բոլոր միւս առաքինութիւնները, որոնք ունին իրենց հականիշ մոլութիւնները:
Տրուած ամէն առաքինութիւնները հերթաբար քննող հաւատացեալը, տողերուն միջեւ պիտի կարդայ այլ առաքինութիւն մը, ամէնէն գլխաւորը, որ ցուցակին մէջ թէեւ թիւ մը չի՛ գրաւեր, սակայն իւրաքանչիւրին կողքին կը տեսնուի, ամէն տողի տակ կը կարդացուի ու կ՛ըմբռնուի:
Առաքինութիւն մը, առանց որուն, խոնարհութիւն իբրեւ սահմանուած տեսական առաքինութիւն կամ գաղափար՝ իմաստ պիտի չունենար: Առաքինութիւն մը, առանց որուն, եղբայրասիրութիւնը կարելի պիտի չըլլար իրագործել, ո՛չ ալ հեզութիւնը, աշխատասիրութիւնը, ողորմածութիւնը, ժուժկալութիւնը եւ ողջախոհութիւնը կարելի պիտի ըլլար իրենց տեսական սահմանումներէն դուրս բերել եւ իրականացնել առօրեայ կեանքի մէջ:
Ի վերջոյ առաքինութիւն մը, որ քրիստոնէական կրօնքին վայել է ամէնէն աւելի՝ նայելով անոր սկզբնական շրջանի պատմութեան ու առաջին նահատակներու զոհաբերութեան ոգիին:
Մեծագոյն այս առաքինութիւնը քաջութիւնն է, առանց որուն կարելի չէ քայլ մը առնել բարոյական կեանքի մէջ: Քաջութիւնը կարելի է համարել առաքինութեանց մայրը, կամ ծնուցիչը: Առանց քաջ ըլլալու, կարելի չէ՛ առաքինի կեանք ապրիլ:
Առհասարակ քաջութիւն եզրը կը գործածուի իր ֆիզիքական իմաստով, եւ մարդոց միտքին դիմաց կը պատկերանայ ջղուտ ու մկաններով զօրացած մարդ մը, որ անպարտելի է, եւ որուն առջեւ պէտք է խոնարհին իրմէ տկարներ: Քաջութեան այս սահմանումը, ամբողջութեամբ մարդկային ֆիզիքական իմացումէն յառաջ կու գայ պարզապէս: Աւելի վերացական կամ հոգեկան իր իմաստով հասկցուած քաջութիւնը կը գերազանցէ ֆիզիքական ուժով ըմբռնուող քաջութեան տեսակը, որ երբեմն տեղի կու տայ հոգեկան քաջութեան դիմաց: Տեսնուած է, որ ֆիզիքապէս անպարտելի նկատուած մարդիկ, հեկեկալով խորտակուած են, եւ իրենց պարտութիւնը ընդունած՝ իրենցմէ շատ աւելի տկար ու ճղճիմ մարդոց դիմաց ծնրադիր:
Քաջութիւն ու անկեղծութիւն չափազանց մօտիկ գաղափարներ են, թէեւ այնքան տարբեր կ՛երեւին իրարմէ: Փոխադարձ կախումնաւորութիւն ունին անոնք իրարմէ: Հոգեպէս քաջ մարդը նաեւ անկեղծ կ՛ըլլայ իր վերաբերումին կամ փոխյարաբերութեան մէջ: Փոխադարձաբար, անկեղծ մարդը, իսկապէ՛ս քաջ մարդն է, որ իր բոլոր հաշուարկները կատարելով հանդերձ, քաջաբար կ՛արտայայտուի ի խնդիր ճշմարտութեան ու արդարութեան հաստատման: Առանց անկեղծութեան չկայ քաջութիւն, եւ առանց քաջութեան՝ անկեղծութիւն: Յատկացուցիչ-յատկացեալի այս իրավիճակը, մարդը կ՛առաջնորդէ դէպի իսկական քրիստոնէութեան շարքերը, զայն դուրս բերելով վերոյիշեալ կրօնքին անուանական պատկանելիութենէն:
Անկեղծութեան առաջին պտուղը, պէտք է ըլլայ քրիստոնեային անկեղծ բարեկամութիւնը Քրիստոսի հետ: Այդ բարեկամութենէն կը ծնի նմանին հետ անկեղծ ըլլալու զգացումը, որ երբեք չի՛ պարտուիր շողոքորթութենէ: Քրիստոսի հետ բարեկամացած մարդը, ամէն բանէ առաջ քա՛ջ մարդն է, որ կրցա՛ծ է իր մեղքերը խոստովանիլ, ճանչնալ իր Փրկիչը, դիմել Անոր՝ իր յանցանքներու քաւութեան ու թողութեան համար, ու ի վերջոյ՝ հաշտուիլ Աստուծոյ, ինչպէս նաեւ ինքն իրեն հետ: Ասիկա քաջութեան հիմնական ու առաջնահերթ քայլն է, որուն կու տանք ապաշխարութիւն անունը: Սա կը նշանակէ, թէ այդ քաջ մարդը, յետայսու, կը մտնէ այնպիսի ընթացքի մը մէջ, ուր ամէն անգամ սխալելուն քաջութիւնը պիտի ունենայ ինքնասրբագրութեան, եւ մանաւանդ ներում խնդրելու:
Աստուծոյ հետ այս բարեկամութեան կապն է, որ մարդուն մէջ կ՛արմատաւորէ անկեղծութիւնը ու քաջութիւնը: Երկրորդ մակարդակի վրայ կու գայ իր յարաբերութիւնը այս անգամ մարդոց հետ:
Ինչքա՜ն դժուար է երբեմն ներողութիւն խնդրելու նման պարզ արարք մը, որ կախեալ կը մնայ միշտ հպարտութեան ու բարկութեան մոլութիւններէն: Ներումը պատանդ կը բռնեն անոնք, ու մնայուն կերպով կը յորդորեն հեռու մնալ այդպիսի նուաստացուցիչ վիճակներէ: Անոնք է որ մարդուն ինքնասիրութիւնը կը շոյեն, ու չար խորհրդատու կը դառնան, հեռացնելով զայն քաջագործութենէ, ու կը նետեն զինք երկչոտութեան գիրկը: Բայց անգամ մը այդ կացութիւնը յաղթահարած մարդը, այլեւս այնպիսի քաջութեան զգացումով կը լեցուի, որ անպարտելի կը դառնայ, եւ որուն ուժգնութիւնը նոյնիսկ աշխարհի ամէնէն զօրաւոր մարդը պիտի չի զգար իր վրայ:
Քաջութեամբ պայմանաւորուած անկեղծութիւնը, անգին գոհար մըն է: Ընկերային կեանքի մէջ այնքան գնահատելի երեւոյթ է անկեղծութիւնը, որ նոյնիսկ իրենց թշնամիին վրայ տեսած անկեղծութիւնը, անոնց հակառակորդները իսկապէս կը գովեն:
Հիներ այն եզրակացութեան հասած են, թէ՝ անկեղծ թշնամին՝ կեղծաւոր բարեկամէն աւելի լաւ է: Խորունկ փորձառութիւն մը կայ թաքնուած սոյն առածին մէջ, ուր բարեկամի կամ թշնամիի սահմանումը չի՛ կատարուիր, այլ՝ անկեղծութեան գովքը կը հիւսուի: Եւ իսկապէս քաջ է նաեւ այն անձը, որ իր թշնամի նկատած անձին հետ անկեղծ կÿըլլայ պահուան մը համար: Անկեղծութիւնը նաեւ թշնամութեան վերանալուն կրնայ նպաստել, իբրեւ բացայայտիչ ճշմարտութեան: Ինչքա՜ն թաքուն խորհուրդներ կրնան շաղախուած ըլլալ իրարու, անկեղծութեան բացակայութեան հետեւանքով, որոնք ընկերային կեանքը անշնչելի միջավայրի կը վերածեն: Սակայն, անկեղծութեան ի յայտ գալով, մութ ամպերը կը փարատին, ու արեգակը դարձեալ իր պայծառ դէմքը կը ցուցնէ:
Առաքինութիւններուն գլխաւորին կամ մեծագոյնին՝ քաջութեան տիրանալու համար, ուրիշ լծակ մը հարկաւոր է՝ կամքը, որուն զօրութեան միակ դեղը աղօթքն է…: