ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Անցեալ տարուան ընթացքին Աֆղանիստան յաւելեալ ուժ ղրկելու նախագահ Օպամայի խնդրահարոյց որոշումին ազդեցութիւնը երկու շաբաթ առաջ սկսաւ զգացուիլ հարաւային Աֆղանիստանի մէջ, ուր ամերիկեան եւ աֆղան ուժերը միացեալ գործողութեան մը սկսան, իրենց հակակշռին տակ առնելու համար թալեպաններու Մարժա քաղաքը: Գործողութիւնը կը շարունակուի, սակայն Հինգշաբթի օր Աֆղանիստանի ներկայ կառավարութեան դրօշակը կարելի եղաւ բարձրացնել, երբ քաղաքին այդ մասէն դուրս դրուեցան թալեպան ուժերը: Ուրբաթ օր թալեպանները իրենց ներկայութիւնը անգամ մը եւս հաստատեցին՝ մայրաքաղաք Քապուլի ամենալաւ պաշտպանուած եւ ընդհանրապէս օտարահպատակներով բնակեցուած շրջաններուն մէջ ահաբեկչական արարքներով առնուազն 16 հոգի սպաննելով, միաժամանակ ընդգծելով այն իրողութիւնը, որ բազմաճակատ պայքարը կը շարունակուի:
Թալեպաններու նորագոյն այս հարուածը մեղմացնելու նպատակով, ամերիկեան հրամանատարութիւնը Ուրբաթ օր յայտարարեց, թէ Մարժայի «ազատագրում»ը ապահովելէ ետք, միջազգային ու աֆղան ուժերը իրենց ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնեն թալեպաններու գլխաւոր կեդրոն հանդիսացող Քանտահար քաղաքին վրայ, Մարժայի գործողութիւնը օգտագործելով իբրեւ նախատիպ:
Աֆղանները հաւանաբար շատ պիտի չխանդավառուին նման խոստումներով: Աֆղան ժողովուրդը սիրաշահելու նպատակով ամերիկեան իշխանութեանց կողմէ վերջին քանի մը ամիսներուն առնուած քայլերը սկսած են որոշ չափով մեղմացնել ամերիկացիներու՝ «ներխուժող»ի պիտակը, սակայն նոյնիսկ Մարժայի գործողութիւնը, որ ցարդ, համեմատաբար, փոքր թիւով քաղաքային զոհեր խլած է, տեղական մամուլին կողմէ կը քննադատուի:
Միայն այս պիտակին բարեփոխումը ապահովելով է, որ Ուաշինկթըն պիտի կրնայ խուսափիլ՝ դժաուարամարս Աֆղանիստանը զսպելու փորձին ընթացքին Բրիտանիոյ եւ Խորհրդային Միութեան ոչ նախանձելի վիճակէն: