«Panorama.am» կը տեղեկացնէ, թէ Վահրամ Տէր Մաթեւոսեան, Պըրքլիի համալսարանին մէջ տրուած դասախօսութեամբ մը անդրադարձած է Ատրպէյճանի հակահայկական քարոզչութեան, որուն առանցքը դարձած են Խոջալուի դէպքերը: Ան ներկայացուցած է Խոջալուի ռազմական կրակակէտերու վերացման մարտական գործողութեան մանրամասնութիւնները, եւ ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է ատրպեճանական կողմի գործողութիւններուն վրայ, որոնց հետեւանքով, Աղդամի մօտերը ատրպէյճանցի զինուորներու կողմէ սպաննուեցան ու մորթազերծ եղած Խոջալուէն գաղթած թուրք-մեսխեթցիներ:
Փորձագէտը դասախօսութեան ընթացքին մէջբերումներ ըրած է այդ օրերուն Պաքուի եւ Անգարայի իշխանութիւններուն հրապարակած յայտարարութիւններէն, որոնք կը վկայեն, թէ 1992ի Փետրուարին, Ատրպէյճանի զօրքերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին վրայ իրականացած սպանդը, Ատրպէյճանի ներքաղաքական վերադասաւորումներու ծիրէն ներս կազմակերպուած սադրանք էր:
Ան իր դասախօսութեան աւարտին նշած է, որ մինչեւ 1998, Հայտար Ալիեւի վարչակարգը չէր կողմնորոշուած Խոջալուի իրադարձութիւններու զոհերու քանակին շուրջ, սակայն այդ թուականէն ետք շրջանառութեան մէջ դրուած է 613 թիւը:
Հարց ու պատասխանի ընթացքին գիտնականը նաեւ խօսած է Իլհամ Ալիեւի հակահայկական քաղաքականութեան զաւեշտալի որոշ դրսեւորումներուն մասին, որոնց կեղծ ըլլալը կ՛ընդունին նոյնիսկ ատրպէյճանցիները: Ան նաեւ նշեց, որ Հայաստանի տեղեկատուական ապահովութեան նոր ռազմավարութեան շնորհիւ, Պաքուի կեղծիքին հակազդելու քաղաքականութիւնը աւելի համակարգուած դարձած է: