Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու միութեան ատենապետ Խաչիկ Ճանոյեան վերջերս յատուկ պատուագիր մը ստացած է Հայաստանի կառավարութեան սփիւռքի նախարարութենէն, անոր եւ միութեան հայրենաշէն գործունէութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերը ամրապնդելուն համար:
1979ին հաստատուած միութիւնը, ղեկավարութեամբ Խաչիկ Ճանոյեանի, միշտ օժանդակութեան ձեռք երկարած է Հայաստանին, ներառեալ նշեալ նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրին:
Չորս տարի առաջ, Հայաստանի իշխանութիւնները, Ճանոյեանի 60րդ տարեդարձին առիթով, անոր շնորհած են Հայաստանի պատուոյ քաղաքացիութիւն: Ան նաեւ արժանացած է շարք մը այլ գնահատագիրներու:
1969էն ի վեր անդամակցած է ՌԱԿին: Ան նաեւ անդամ է ՀԲԸՄին, եղած է անոր վարժարաններուն մէջ ուսուցիչ ու հայկական բաժնի պատասխանատու: Ճանոյեան նաեւ խմբագրած է Հարաւային Ամերիկայի ՀԲԸՄի «Լուսաբաց» պաշտօնաթերթը: Ան մաս կը կազմէ «Հայաստան» համահայկական հիմնարկին, ատենապետն է «Թէքէեան»ի Հայ ընտանեկան միութեան Շաբաթօրեայ վարժարանի հոգաբարձութեան ու կ՛աշխատակցի «Նոր Օր» եւ «Նոր Կեանք» թերթերուն: