Լոս Անճելըսի Հայ աւետարանական միացեալ եկեղեցւոյ Երիտասարդ կանանց խմբակը կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան 25րդ ճաշկերոյթ-հագուստներու ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մարտ 6ին, կ.ա. ժամը 11էն սկսեալ, Պըրպենքի «Քեսթըուէյ» ճաշարանին մէջ (1250 Harvard Rd.): Օրուան գլխաւոր բանախօսը պիտի ըլլայ դոկտ. Էնն Սարաֆեանը:
Տոմսերը, զորս պէտք է կանխաւ ապահովել, 45 տոլար կ՛արժեն, իսկ 22 տարիքը չբոլորած ուսանողներու համար՝ 30 տոլար:
Նաեւ, Մարտ 28ին, 3480 W. Cahuenga Blvd. հասցէին գտնուող եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Ծաղկազարդի առիթով ուտեստեղէնի վաճառք:
Մանրամասնութեանց համար, դիմել (818) 345-7553 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.