ԿԼԵՆՏԷՅԼ.-
Յատկանշական է նաեւ, որ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ Նահապետեանի տրամադրուող նիւթական օ-ժանդակութեանց մեծ մասը կու գայ ընտրատարածքէն, մինչ պարագան նոյնը չէ միւս թեկնածուներուն համար:

Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուելով՝ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի 43րդ ընտրատարածքի աթոռը թափուր ձգած Փօլ Գրիգորեանը որոշած է նեցուկ կանգնիլ Նահապետեանի ընտրութեան:
Նահապետեանի ընտրապայքարին նեցուկ կը կանգնին նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Քարոլ Լիու, նահանգային խորհրդարանի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, ինչպէս նաեւ համայնքային այլ ղեկավարներ ու կազմակերպութիւններ:
Նահապետեանին նեցուկ կանգնողներուն ամբողջական ցանկին ու թեկնածուին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել VoteNayiri.com համացանցային կայքը:
Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի 43րդ ընտրատարածքին սահմաններէն ներս կ՛իյնան Կլենտէյլն ու Պըրպէքնը, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի շարք մը այլ շրջաններ:
Նախնական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 13ին, իսկ ընտրութիւնը՝ Յունիս 8ին: