Թրքական «Պէյազկազեթէ» կայքէջը կը հաղորդէ, թէ Շուէտի խորհրդարանը Մարտ 17ին քուէարկութեան պիտի դնէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը։ Շուէտի ատրպեճանական եւ թրքական կազմակերպութիւնները հաւաքած են հինգ հազար ստորագրութեամբ նամակ մը, եւ զայն փոխանցած են գլխաւոր ընդդիմադիր Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան նախագահ Մոնա Շահինին՝ բողոքելով սոյն բանաձեւին դէմ:
Թուրքիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Մուրաթ Մերջանի ղեկավարութեամբ պատուիրակութիւն մը, Շուէտ այցելութեան ընթացքին զգուշացուցած էր, որ յիշեալ բանաձեւը ընդունելու պարագային, դժուարութիւններ պիտի յառաջանան թուրք-շուէտական յարաբերութիւններուն մէջ եւ պիտի վնասուի Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացը։