ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Մինչ Թուրքիոյ մէջ պետական հարուածի նորագոյն ծրագրին հարցով ստեղծուած տագնապին յետցնցումները կը շարունակեն անհանգիստ պահել երկիրը, շարք մը այլ հարցեր կրնան նոր բախումներ պատճառել:
Եւրոմիութեան առաջադրած բարեփոխումները իրագործելով բանակը զգալիօրէն տկարացուցած Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կ՛ուզէ քայլ մը եւս առնել՝ զինուորական իշխանութեան օրերուն որդեգրուած սահմանադրութիւնը բարեփոխելով: Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները կ՛ընդդիմանան այս փորձին, սակայն բաւարար քուէներ չունին գործընթացը կասեցնելու: Իշխող կուսակցութիւնը որոշած է մօտ օրէն սահմանադրական բարեփոխումներու շուրջ խորհրդակցիլ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն հետ, ազդարարելով, որ եթէ համաձայնութիւն չգոյանայ, ապա պիտի պարտադրուի այս հարցով հանրաքուէ մը կատարել։
Բանակը նաեւ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններով մտահոգ է, որուն դէմ շահագործեց Լեռնային Ղարաբաղի հարցը, թրքական եւ հայկական կողմին միջեւ վիհը խորացնելու համար:
Այլ հարց մըն է իշխող կուսակցութիւնը փակելու նոր փորձը, որ կրնայ 2008ին տեղի ունեցած առաջին փորձին նման, տագնապալի վիճակ մը ստեղծել:
Ընդդիմութիւնը նաեւ ամէն առիթ կ՛օգտագործէ երկիրը կանխահաս ընտրութեանց առաջանորդելու: